Իտալացի բերդապա` Ճիանլուիճի Պիւֆոն, որ այս ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ Եուվենթուսէն, մերժեց տեղափոխուիլ Պարսելոնա:
Հակառակ Պարսելոնայի մեծ հետաքրքրութեան, 43 տարեկան Պիւֆոն կը փափաքի միանալ կազմի մը, որուն հետ կ՛ուզէ ելոյթ ունենալ իբրեւ հիմնական բերդապահ, որպէսզի այդ միջոցով կարենայ ֆիզիքական լաւ կազմուածք ունենալով մասնակցիլ 2022-ի Մոնտիալին եւ դառնալ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ կը մասնակցի վեց մոնտիալներու:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Պիւֆոն մօտէն հետաքրքրուած է փորթուգալեան Պենֆիքայով: