Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այցելեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկներուն, որոնք կը նախապատրաստուէին եւ իրենց վերջին փորձերը կը կատարէին` լաւ արդիւնքներ արձանագրելու համար Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Եւրօ-2020»-ի մրցաշարքին:
Ֆրանսա, որ մաս կը կազմէ Զ. խմբակին, Ա. հանգրուանի մրցումներուն իրեն մրցակից պիտի ունենայ Գերմանիան, Փորթուգալը եւ Հունգարիան:
Մաքրոն, որ ֆութպոլիստներուն յաջողութիւն մաղթեց, ըսաւ.
«Եկէք հպարտանանք Ֆրանսայի մեր խումբով, որովհետեւ անիկա Ֆրանսայի դէմքն է եւ անոնք մեզ է, որ կը ներկայացնեն»: