Անգլիական «Տէյլի Մէյլ»-ը կը հաղորդէ, որ չիլիցի փորձառու եւ անուանի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի շատ հաւանաբար նշանակուի լիվըրփուլեան Էվըրթընի գլխաւոր մարզիչ:
Քարլօ Անչելոթթիի Ռէալ Մատրիտ տեղափոխուելէն ետք անգլիական ակումբը սկսած է նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին:
Նշենք, որ 67 տարեկան Փելլեկրինիի վերջին ակումբը հանդիսացաւ սպանական Ռէալ Պեթիսը, ուրկէ ան հեռացաւ աւարտած տարեշրջանէն ետք` անոր հետ գրաւելով դասաւորման 6-րդ դիրքը: