Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտնեց. «Իրան հետաքրքրուած է Թեհրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ հսկողութեան համաձայնութեան աւարտէն առաջ Վիեննայի բանակցութիւնները աւարտելով»:
«Չկայ որեւէ արգելք, որ Հասան Ռուհանիի կառավարութիւնը նախագահական ընտրութենէն առաջ Վիեննայի մէջ համաձայնութիւն գոյացնէ», ըսաւ Ռապիհի` նշելով, որ իրենք կը յուսան «բանակցութիւններու վերջին փուլ մը կատարել եւ զայն մօտ օրէն աւարտել»:
«Թեհրան մաշեցումի բանակցութիւններ չ՛ուզեր, եւ աճապարուած չենք հիւլէական համաձայնութեան վերադառնալու շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան հասնելու», յայտնեց իրանեան կառավարութեան բանբերը: