Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, ինչպէս նաեւ իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անհամբեր կը սպասեն յունիսի կէսերուն երկու ղեկավարներու հանդիպումին ժամանակ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու «ամբողջ շրջանակը» քննարկելու կարելիութեան: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն:
«Նախագահ Պայտըն շատ լաւ գիտէ նախագահ Էրտողանին, երկու ղեկավարները միասին շատ ժամանակ անցուցած են: Պայտընն ու Էրտողանը կը սպասեն այս կարելիութենէն օգտուելու, որպէսզի անդրադառնան յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակին», ըսած է Սալիվըն Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Սալիվընի համաձայն, հանդիպումը, որ հաւանաբար տեղի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ` Պրիւքսելի մէջ 14 յունիսին, «երկկողմանի յարաբերութիւններու վերատեսութեան» գործնական կարելիութիւն է:
Ան տեղեկացուցած է, որ ղեկավարները պիտի քննարկեն կացութիւնը արեւելեան Միջերկրականի, Սուրիոյ, Իրանի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ «այն դերը, որ Թուրքիան ապագային պիտի խաղայ` Աֆղանիստանի մէջ բանակցութիւններու եւ դիւանագիտութեան հարցին մէջ»:
Սալիվըն աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի քննարկեն նաեւ նիւթեր, որոնց շուրջ անոնք տարբեր տեսակէտներ ունին: