Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու
յանձնախումբին առջեւ առցանց լսումի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկեան ներկայ վարչակարգը կը ճանչնա՞յ բռնագրաւեալ Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը, յայտնեց. «Իսրայէլ գործնականին մէջ իր վերահսկողութեան տակ առած է Կոլանը, անկախ իրաւաբանական տեսակէտէն: Կը կարծեմ, որ պէտք է կացութիւնը այսպէս շարունակուի, բացի եթէ Սուրիան դադրի Իսրայէլի համար սպառնալիք ըլլալէ, եւ կը կարծեմ, թէ տակաւին հոն չենք հասած»:
Պլինքըն փետրուարին մերժած էր բռնագրաւեալ Կոլանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը ճանչնալ: