Թուրքիոյ կողմէ Սեւ ծովուն մէջ յայտնաբերուած բնական կազի պաշարները, որոնց ծաւալը նոր յայտնագործութիւններուն շնորհիւ մինչեւ 540 միլիառ խորանարդ մեթր աճած է, 12 տարի կրնան բաւարարել Թուրքիոյ ներքին պահանջարկը: Այս մասին յայտնած է «Վուտ Մաքենզի» միջազգային խորհրդատուական ընկերութեան գլխաւոր վերլուծաբան Էշլի Շըրմըն:
Շըրմըն յիշած է, որ երբ Թուրքիան Սեւ ծովուն մէջ յայտնաբերեց 405 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազի պաշարներ, «Վուտ Մաքենզի» նախատեսեց, որ մօտիկ ապագային երկրին պաշարները պիտի աճին:
Ըստ անոր, Թուրքիոյ ռազմավարական նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ բնական կազի պաշարներու յաւելումը:
«Իշխանութիւնները յայտարարած են 2023 թուականին արտահանում սկսելու մտադրութեան մասին, ինչ որ բաւական յաւակնոտ կը թուի», ըսած է ան:
Շըրմըն աւելցուցած է, որ Սաքարիայի հանքավայրը յայտնաբերելէ ետք ակնյայտ դարձաւ, որ Սեւ ծովուն մէջ Անգարայի յաջողութիւնը ամրապնդած է իր դիրքերը Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ: Թուրքիան վերջիններէս այժմ խողովակաշարերով կազ կը ներածէ:
«Թուրքիան կարելիութիւն ունի աւելի ճկունութիւն ձեռք բերելու աւելի ցած գիներու, աւելի փոքր ծաւալներու եւ նոր համաձայնագիրներու հարցերուն մէջ: Կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ ատիկա Թուրքիոյ համար յաղթաթուղթ պիտի դառնայ երկարաժամկէտ համաձայնագիրի շուրջ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ», ըսած է վերլուծաբանը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 4 յունիսին յայտարարած էր Սեւ ծովուն մէջ 135 միլիառ խորանարդ մեթր պաշարներով կազի նոր հանքավայր յայտնաբերելու մասին:
Այսպիսով, Սեւ ծովուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ յայտնաբերուած բնական կազի պաշարներու ընդհանուր ծաւալը հասած է 540 միլիառ խորանարդ մեթրի: