Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուած հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան:
«Քննարկուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ համաճարակին, պատուաստանիւթերուն վերաբերող հարցեր, համաշխարհային խնդիրներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ վատ յարաբերութիւնները ո՛չ Եւրոպական Միութեան, ո՛չ Ռուսիոյ ձեռնտու են: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ վերջերս Մինսքի մէջ «Ռայըներ» օդանաւի էջքին առնչուած միջադէպին: