Ռուսական Մոսկուայի բանակայիններու ֆութպոլի ակումբը երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր միջնապահին` Տիգրան Աւանեսեանի հետ, յայտնեց խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2025-2026 տարեշրջանին աւարտը:
18 տարեկան Աւանեսեան, որ Մոսկուայի բանակայիններու սան է, խաղցած է Ռուսիոյ տարիքային տարբեր պատանեկան հաւաքականներուն հետ: