Ընտրութիւններուն մասնակցող դերակատար ուժերէն շատեր յստակօրէն յայտարարեցին, որ յետընտրական շրջանին որեւէ պարագայի պիտի չհամագործակցին ներկայ իշխանութիւններուն հետ: Այս մասին «Հայաստան» դաշինքի անդամներու զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան:
«Այսօրուան գործող իշխանութիւնը որեւէ պարագայի վերարտադրուելու կարելիութիւն չունի», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Անդրադառնալով ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերու առաջնորդներու բանավէճին` Սաղաթէլեան ըսաւ, որ քանի մը կուսակցութիւններու կամ դաշինքներու թիւ մէկ թեկնածուները յստակօրէն յայտնեցին, որ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանավէճ ունենալու պատրաստ չեն:
««Հայաստան» դաշինքը յստակօրէն արտայայտած է իր դիրքորոշումը, որ դաւաճանին հետ քննարկելու, բանավիճելու հարց չունինք: Մենք ունինք մէկ օրակարգ` քշել այս չարիքի իշխանութիւնը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեանը: