Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. «ՊԻՏԻ ՉՀՐԱԺԱՐԻՄ ԵՐԿՐԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷ»

February 3, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Միքաթի բացումը կը կատարէ Թրիփոլիի նաւահանգիստի ընդարձակման ծրագիրին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց Թրիփոլիի նաւահանգիստը ընդարձակելու ծրագիրին գործադրութեան յատուկ ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, պետական նախարար Ահմետ Քարամէ, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզի արաբ  պատասխանատուներ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ նախանցեալ երեկոյեան կառավարութեան նիստին ընդհատումին` շեշտելով, որ հարցը կառավարութեան աշխատանքներէն հրաժարիլ կամ զանոնք պոյքոթի ենթարկել չէ:

«Եթէ ոմանք համոզուած են, որ մենք պիտի հրաժարինք, ապա անոնք պէտք է իմանան, որ մենք երկրին ծառայելէ պիտի չհրաժարինք: Սակայն արդէն ժամանակն է, որ կառավարութիւնը ըլլայ ներդաշնակ, պատասխանատու, ազդու եւ արդիւնաւէտ իր գործունէութեան մէջ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ այդ մտահոգութեամբ ինք հանրապետութեան նախագահէն խնդրած է յետաձգել կառավարութեան նիստը, որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի խորհրդակցելու եւ կառավարութեան աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու:

Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ Թրիփոլիի նաւահանգիստին վերաբերող այդ իրագործումին յաջորդեն Ռընէ Մուաուատի անուան օդակայանին բացումը, ինչպէս նաեւ շոգեկառքերու դրութեան ստեղծումը` բարելաւելու համար հանրութեան տրամադրուած փոխադրամիջոցները եւ տնտեսական կացութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետը յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւեր վարձելու յատուկ նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը այլեւս նիստեր պիտի չգումարէ, մինչեւ որ բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ: Ան շեշտեց նաեւ, որ ինք երբեք միտք չունի հրաժարելու:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Յաջորդը

«ՄԵՆՔ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՎՃԻՌ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.