
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Փաուլօ Ռոպերթօ տի Վենթուրան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տի Վենթուրա յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցեր:
Տի Վենթուրա նշեց, որ Պրազիլ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը, վարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարը հրաւիրած է Ռիօ տի Ժանէյրօ` ներկայ գտնուելու համար կենսոլորտի եւ բարգաւաճման նուիրուած խորհրդաժողովի մը:
Պրազիլի դեսպանը աւելցուց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու զարգացումները` աւելցնելով, որ հակառակ շրջանային տագնապալի իրավիճակին, Լիբանան կը մնայ կայուն:


