Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հնչող Ձայներ»` Արցախի Վերջին Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Ստեղծագործութիւններու Ժողովածուի Շնորհահանդէս

Մայիս 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 մայիսին «Խնկօ Ապորի» անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Հնչող ձայներ» ժողովածուն, որուն մէջ ներկայացուած են Արցախի վերջին պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն ստեղծագործութիւնները:

Ժողովածուն կեանքի կոչելու աշխատանքը ստանձնած է Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն, հրապարակախօս Ռուզան Առաքելեան, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Այս օրը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ մեր հերոսներուն արժանին մատուցող օրերէն մէկը: Մենք չէինք կրնար չանդրադառնալ մեր հերոսներուն ստեղծագործութիւններուն: Այս ժողովածուին մէջ անոնց կիսատ թողած գործն է: Երբ կը կարդանք այդ ստեղծագործութիւնները, կը թուի, թէ անոնք հսկայական կեանք մը ապրած են, որովհետեւ անոնց խոհափիլիսոփայական միտքերը մեզ կը տանին շատ աւելի հեռու, քան անոնց ապրած կեանքը: Մենք անոնց գործը պիտի շարունակենք. անոնք մեզի ձգեցին մէկ պատգամ` պայքարինք, շարունակենք մեր գործը, որ յաղթենք: Յաղթենք, որ ապրինք», նշեց ան: Առաքելեան դիտել տուաւ, որ գիրքին մէջ կան 11 հերոսներու ստեղծագործութիւնները, իսկ այս գաղափարը պիտի ունենայ շարունակութիւն, լոյս պիտի տեսնեն նաեւ երկրորդ եւ երրորդ հատորները:

Շնորհահանդէսին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ, Արցախի պատերազմին մասնակցած Բագրատ եպս. Գալստանեան: «Այսօր մենք` ապրողներս, մենք մեզ պիտի չափենք իրենցմով: Մեր խնդիրը այսօր հերոս տղոց հետ նոյնանալու փափաքն է». ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մեր հայրենիքը այսօր կը գտնուի ամէնէն բարդ եւ ծանր կացութեան մէջ: «Մեր ուղերձները չորցած են, կեղծ են: Մեր կեանքը պէտք է ապրինք այնպէս, որ արժանի ըլլանք այս հերոսներու նահատակութեան», նշեց Բագրատ սրբազան:

Խօսք առաւ նաեւ Համազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրիտչեան: «Բնութեան օրէնքը մէկ է` ինքնապաշտպանութիւն, որ կը պահպանէ տեսակի եւ ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը: Մեր հայրենիքը կը գտնուի այդպիսի տարածաշրջանի մէջ: Մեր տղաները նահատակուեցան հայ ազգի, Հայաստանի ֆիզիքական ապահովութեան եւ մշակոյթի պահպանման համար», ըսաւ ան:

Ըստ Մկրիտչեան` այս ժողովածուին մէջ ամփոփուած ստեղծագործութիւնները ցոյց կու տան հայրենիքի համար մինչեւ վերջին փամփուշտը պայքարած տղաներուն խիզախութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը:

Արցախի վերջին պատերազմին անմահացած Վաչագան Մանուկեանի հայրը` բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան եւս խօսք առաւ եւ յայտնեց, որ այս տղաները այն անձերն են, որոնք ջնջած են սահմանը կեանքի եւ մահուան: «Անոնք իրենց արիւնը ներարկած են մեր երկրի ցամքող երակներուն մէջ», աւելցուց ան:

Ապա ան ընթերցեց «Հնչող ձայներ» ժողովածուին մէջ տեղ գտած իր որդիին` հայրենիքի մասին գրած տողերը: «Հայրենիքը նոյնպէս կենդանի մարմին է, եւ այդ մարմինը ոչ միայն մեր սէրն ու նուիրումը կ՛ուզէ, այլեւ երբեմն` մեր արիւնը», ըսաւ Խաչիկ Մանուկեան` աւելցնելով, որ այս տղոց շնորհիւ է, որ հայրենիքի սիրտը կանգ չառաւ: «Որքան ալ այսօր լրտեսներ ու դաւաճաններ ըլլան մեր մէջ, այս հերոս տղաներուն շունչը կը պահէ հայրենիքը», եզրափակեց ան:

Խօսք առաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սպարտակ Ղարաբաղցեան, որ հաստատեց, թէ ամէնէն կարեւոր զրահազգեստը յիշողութիւնն է, զոր պիտի փոխանցենք յառաջիկայ սերունդներուն:  Ան նշեց, թէ հերոս նահատակները ապացուցեցին, որ իրենք անմահ են, իրենց մարմինը նշխարի նման խառնեցին հողին, որպէսզի ան կենդանի մնայ: «Ինծի համար նոր տպագրուած գիրքը հացի նման է, հացի բոյր ունի, բայց այս «Հնչող ձայներ»-ը խունկի հոտ ունի, իսկ մեզմէ իւրաքանչիւրը այս խնկաբոյր գիրքը երբ մեզի հետ տուն տանի, ամէն օր պիտի թերթենք եւ իւրաքանչիւր էջէն առնենք խունկի հոտ, իւրաքանչիւր նահատակի կենսագրութիւնը մեզի հետ պիտի ըլլայ», ըսաւ Ղարաբաղցեան: Ան շեշտեց, որ այս գիրքով նահատակները նաեւ մեզի պատգամ կը փոխանցեն:

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կարմիր Գիծ` Սեւ Լիճ Եւ Դեռ Աւելին…

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?