Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

February 3, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅՐ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ
Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Անցած կիրակի Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյն մէջ վերակոչուեցաւ հայր Պօղոս Արիսի յիշատակը` մահուան Ա. տարելիցին առթիւ:

Արարողութեան կը նախագահէր կաթողիկոսական տեղապահ Պաթանեան արքեպիսկոպոսը. ներկայ էին Եգիպտոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Ռափայէլ եպս. Պայեան, Հալէպի առաջնորդը, Զմմառու մեծաւորը, եկեղեցականներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչները եւ Պուրճ Համուտի հայութեան բոլոր խաւերուն ներկայացուցիչները:

Պատարագիչն էր Մոնթէվիտէոյի առաջնորդ Յարութիւն վրդ. Թէքէեան, որ իր քարոզին մէջ վեր հանեց հանգուցեալին առաքինութիւններն ու բարձր արժանիքները:

Յետ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, զոր կատարեց Պաթանեան արքեպիսկոպոսը եւ արաբերէնով վեր հանեց հանգուցեալին հաւատքը, ողորմութիւնն ու բարեպաշտութիւնը:

ՄԱՀ` ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ

Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Համբարձում Յարութիւնեան, կարճատեւ անհանգստութենէ մը ետք:

Համբարձում Յարութիւնեան (գրական ծածկանունով` Զոհական) ծնած էր Խարբերդ` 1893-ին: Ռուբէն Զարդարեանի տնօրէնութեան շրջանին աշակերտած է Կեդրոնական վարժարանին: Համաստեղ եւ Թոթովենց եղած են իր դասընկերները: Շրջանաւարտ եղած է Պոլսոյ համալսարանի ուսողութեան ճիւղէն, եղած է հեղինակ` ուսողութեան դասագիրքերու:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԷՇՐԵՖԻԷԻ ՄԷՋ

Անցեալ եղանակի անդամական ներքին դասախօսութիւնները մեր անդամներու կողմէ շատ սիրուեցան եւ, կարծէք, աւանդութիւն դարձաւ վարչութեան կողմէ շարք մը դասախօսներ հրաւիրել ու մտերմիկ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ լսել մեր քաղաքին նոր, երիտասարդ ու լուսամիտ մտաւորականութիւնը` զանազան շահեկան նիւթերու շուրջ իրենց տուած դասախօսութիւններով:

Այս տարի վարչութիւնը եղանակի իր առաջին հրապարակային դասախօսութենէն ետք («Խորհրդահայ բանաստեղծութիւնը», դասախօս` Պօղոս Սնապեան) վերադարձաւ նախկին իր հին ձեւին` անդամական ներքին դասախօսութիւններուն:

Այս անգամուան նիւթը բոլորովին տարբեր էր, «Սինեման» ընդհանուր խորագրին տակ, իսկ խօսողները` մեր անդամները:

Շատ մտերիմ, ընկերական տաք մթնոլորտի մը մէջ մեր անդամներէն ոմանք պաշտպանեցին, ոմանք դատապարտեցին սինեման:

Սկզբունքով բոլորն ալ ընդունեցին, որ սինեման ստեղծուեցաւ ու ճամբայ ելաւ որպէս դաստիարակութեան ու հանճարեղ գրագէտներու գործերը հարազատօրէն հանրութեան ներկայացնելու կոչուած մեծ գիւտ մը եւ միանգամայն հրաշալիք մը:

Դժբախտաբար, սակայն, կէս դար ետք սինեման դարձաւ վաճառականութիւն ու շեղելով իր բուն նպատակէն` դարձաւ չարիք եւ նորահաս երիտասարդութիւնը անդունդները տանող լպրծուն գետին ու որոգայթ, ու այս պատճառով ալ սինեման դադրեցաւ սերունդները դաստիարակելէ ու պատմութեան մեծ դրուագները ներկայացնելու իր իրական ճամբէն:

Համազգայինի Էշրեֆիէի վարչութեան կազմակերպած այս երեկոյթը այսպիսով եղաւ շատ հաճելի ու միանգամայն շինիչ: Անդամները ամբողջ երեք ժամ խօսեցան, լուսաբանեցին, լուսաբանուեցան եւ ի վերջոյ գոհ տրամադրութիւններով բաժնուեցան: Կը կարծենք, որ վարչութիւնը այս ձեւի ուրիշ ներքին դասախօսութիւններ ու վիճաբանական երեկոներ պէտք է կազմակերպէ` անկախ հրապարակային դասախօսութիւններէն, որոնցմէ մէկը տեղի պիտի ունենայ այս հինգշաբթի, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, նուիրուած` Գրիգոր Զոհրապի ծննդեան հարիւրամեակին:

ԱՆԴԱՄ ՄԸ

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՍԱԺԵՍ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՈՒՓՍ` 84-74

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԸ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.