ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի ծերակոյտի 76 անդամ նախանցեալ օր դիմած են երկրի Սահմանադրական խորհուրդ` վիճարկելով Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները (ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Ֆրանսայի մէջ) քրէականացնող ծերակոյտի 23 յունուարին ընդունած օրինագիծը: Նոյն նպատակով Սահմանադրական խորհուրդին դիմած են Ազգային ժողովի 65 երեսփոխաններ:
Ֆրանսական օրէնսդրութեան համաձայն, նախագահ Սարքոզին կրնար Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի կողմէ հաստատուած օրինագիծը ստորագրել եւ օրէնքի վերածել 24 յունուարէն մինչեւ նախանցեալ օր: Սակայն, նախագահ Սարքոզի նախընտրած է սպասել մինչեւ իր իրաւասութեան 15-օրեայ ժամկէտին աւարտը, որ կարելիութիւն տուած է, որ օրինագիծի ընդդիմախօսները աշխուժանան եւ դիմեն Սահմանադրական խորհուրդ:
Ինը անդամներէ (ներառեալ` հանրապետութեան նախկին երկու նախագահները, ի պաշտօնէ) բաղկացած Սահմանադրական խորհուրդը պարտաւոր է օրինագիծին սահմանադրութեան համապատասխանելու մասին իր տեսակէտը յայտնել մէկ ամսուան ընթացքին: Սակայն, մէկ ամիսը կրնայ փոխուիլ ութ օրուան, եթէ կառավարութիւնը հանդէս գայ նման պահանջով: Սահմանադրական Խորհուրդը կրնայ ընդունիլ հաւանական երեք որոշումներէն մէկը.
1. Օրինագիծը կը համապատասխանէ սահմանադրութեան: Այս պարագային հանրապետութեան նախագահի ստորագրութենէն ետք անիկա պիտի դառնայ օրէնք:
2. Օրինագիծը որոշ մասով կամ մասերով չի համապատասխաներ սահմանադրութեան: Այս պարագային օրինագիծը պիտի վերադարձուի Ազգային ժողով` զայն բարեփոխելու եւ սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու համար: Այս տարբերակը կրնայ խնդիրներ յառաջացնել, քանի որ մէկ ամիսէն Ազգային ժողովը պիտի մեկնի արձակուրդի, որպէսզի նախապատրաստուի նախագահական ընտրութիւններուն:
3. Օրինագիծը ամբողջութեամբ հակասահմանադրական է: Այս պարագային օրինագիծը այլեւս պիտի չքննարկուի եւ օրէնքի ուժ պիտի չստանայ, եթէ հանրապետութեան նախագահը չպնդէ, որ հարցը դարձեալ մտնէ Ազգային Ժողով:
Նախանցեալ օրուընէ սկսեալ մինչեւ մէկ ամիս, մինչեւ Սահմանադրական խորհուրդին որոշում կայացնելը, նախագահ Սարքոզի չի կրնար ստորագրել օրէնքը:
Սահմանադրական խորհուրդին դիմող ծերակոյտի անդամներուն մեծ մասը ծայրայեղ ձախ կուսակցութիւններու (համայնավարներ, մարքսականներ եւ այլն) անդամները եւ նախկին Կանաչներ (այժմ` բնապահպաններ) են: Յաջորդ մեծ խումբը` կեդրոն աջ կուսակցութիւններէն են: Կան նաեւ Սարքոզիի իշխող կուսակցութենէն եւ ընկերվարականներէն ծերակուտականներ: Ազգային ժողովէն դիմողներուն մեծ մասը` Սարքոզիի կուսակցութեան անդամ, բայց Սարքոզիի հակառակ խմբակցութեան պատկանող երեսփոխաններ են:


