Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքի Հիմնադրութեան Արարողութիւնը

May 10, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան մասնակցութեամբ ու Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ հիմնադրուեցաւ «Հայաստան» դաշինքը` յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու համար:

Երէկ` կիրակի, 9 մայիսին, Երեւանի «Գրանտ հոթել» պանդոկին մէջ տրուեցաւ քաղաքական համագործակցութեան մեկնարկը:

«Հայաստան» դաշինքի հիմնադրութեան հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը:

Ներկայացնելով դաշինքի ձեւաւորման նպատակները, երկրորդ նախագահը պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ ինքը եւ ՀՅԴ ու «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնները կը նախաձեռնեն այս դաշինքին:

«Երկիրը կանգնած է ծայրայեղ մարտահրաւէրներու առջեւ եւ այդ մարտահրաւէրները հիմնականին մէջ կապուած են անվտանգութեան սպառնալիքներու հետ: Երկիրը ունի կառավարման եւ տնտեսական ճգնաժամ: Երկրին մէջ ակնյայտ է նաեւ ինքնութեան ճգնաժամ: Պէտք են ուժեր, պէտք են մարդիկ, որոնք բաւարար չափով փորձառութիւն ունին այսպիսի մարտահրաւէրներ յաղթահարելու համար: Ինչո՞ւ ես. ունիմ կառավարման մեծ փորձ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ, ունիմ կուտակած փորձառութիւն եւ գիտելիքներ անվտանգութեան պաշտպանութեան համակարգին մէջ, ունիմ փորձառութիւն տնտեսական ճգնաժամ յաղթահարելու իմաստով: Եւ ինչպէս կը տեսնէք, ներկայ վտանգները եւ կուտակած փորձառութիւնն ու գիտելիքները գրեթէ կը համընկնին:

Ինչո՞ւ ՀՅԴ-ն… Որովհետեւ ասիկա այն կուսակցութիւնն է, որ ամբողջ աշխարհին մէջ պայքարած է եւ կը պայքարի հայերու ինքնութիւնը պահպանելու համար: Ասիկա այն կուսակցութիւնն է, որուն հետ ունիմ երկարատեւ համագործակցութիւն: Դաշնակցութիւնը եղած է կառավարութեան անդամ իմ նախագահութեան տարիներուն, նոյնիսկ, երբ քոալիսիոն դեռ ձեւաւորուած չէր: Փորձառութեան արդիւնաւէտ արդիւնքները կան եւ բոլորդ այդ արդիւնքներուն ականատեսը եղած էք:

Ինչո՞ւ «Վերածնուող Հայաստան», որ ծնած է Սիւնիքի մէջ եւ հիմա կը տարածուի ամբողջ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Սիւնիքը այսօր ներկայ սպառնալիքներու կեդրոնն է Հայաստանի մէջ: Սիւնիքէն կախեալ է` մենք պիտի մնա՞նք իբրեւ գործօն այս շրջանին մէջ, թէ՞ պիտի դառնանք կցորդ: Այստեղ վտանգները լուրջ են, եւ կը կարծեմ Սիւնիքը այսօր մեր պայքարի խորհրդանիշը կը հանդիսանայ», նշեց Հայաստանի երկրորդ նախագահը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, թէ իրենք կը վերահաստատեն ճիշդ 6 ամիս առաջ սկսած իրենց պայքարի յաղթական աւարտի անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ գործող իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ: «Յառաջիկայ ընտրութիւնները սովորական չեն: Ասիկա մեր կեանքի ամէնէն պատասխանատու ու ճակատագրական ընտրութիւնն է», նշեց ան եւ աւելցուց, որ ասիկա պետութիւն ունենալ-չունենալու ընտրութիւն է:

Ելոյթով հանդես եկաւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան: Ան խօսեցաւ Սիւնիքի դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն եւ խնդիրներուն մասին` նշելով, որ Սիւնիքը Հայաստանի այն մեկնակէտն է, որ կը սկսի, բայց չ’աւարտիր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը:

«Հայաստան» քաղաքական դաշինքի համագործակցութեան հռչակագիրը ստորագրուեցաւ:

Անիկա ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեանը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանը Մութի Մատնելու Եւ Նպաստը Կասեցնելու Հաւանականութիւնները Խուճապահար Կը Դարձնեն Քաղաքացիները

Յաջորդը

Համագործակցութեան Հռչակագիր «Հայաստան» Քաղաքական Դաշինք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 1, 2026
Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական  Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
ԵԽԽՎ-ի Մէջ.  Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ  Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ
Հայկական

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.