Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Շահագրգռուած Ենք, Որ Այն, Ինչ Որ Համաձայնած Են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Ղեկավարները, Գործնականին Մէջ Իրականացուի» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մայիս 8, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հինգշաբթի օր Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու չորեքշաբթի օրուան յայտարարութեան, որուն մէջ անոնք այլ հարցերու կողքին նշած են արցախեան տագնապի համապարփակ եւ լիարժէք լուծման կարեւորութիւնը:

«Մեկնելով այս յայտարարութենէն, կարելի՞ է ըսել, որ համանախագահ երկիրները համաձայնութիւն ունին վերսկսելու խաղաղութեան հոլովոյթը, եւ եթէ կարելի է, ներկայացուցէք Մոսկուայի գնահատականը Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու համագործակցութեան վերաբերեալ» հարցումին պատասխանելով Լաւրով նշեց, որ խաղաղութեան հոլովոյթը, որ սկսած է 9 նոյեմբերի համաձայնութեամբ, որպէսզի կանգնեցուի պատերազմը եւ անցում կատարուի խաղաղապահ գործունէութեան, շրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային ուղիներու, կապերու ապաշրջափակման, արդէն գրեթէ 6 ամիսէ ի վեր կ՛իրականացուի: Ուստի, ըստ Լաւրովի, խաղաղութեան հոլովոյթին անցում կատարելու ձեւակերպումը արդէն իրականութիւնը քիչ մը կը խեղաթիւրէ:

«Դուք յիշատակեցիք եռակողմ խումբը, որուն մասին ես այսօր արդէն խօսած եմ, եւ իմ գործընկերս ալ այդ մասին յիշատակած է. խումբը կը զբաղի գործնական լուծումովը այն հարցերուն, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերին խաղաղութեան հոլովոյթին, երբ մարդիկ պիտի ազատին շրջափակումէն, պոյքոթէն, այն խոչընդոտներէն, որոնք կը ստեղծուէին միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ` այստեղ իրաւահաւասար եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման ուղղութեամբ եւ կ՛անցնին ուղղակի օգուտներու քաղման այն առաւելութիւններէն, որոնք կը տրամադրէ այս զինուորական, աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական առումով կարեւոր շրջանը:

«Եւ մենք, մարտական գործողութիւններու դադրեցման հարցով երեք երկիրներու երկարատեւ բանակցութիւններուն մէջ որոշիչ դեր խաղալով, ստեղծած ենք զինադադարի դրութեան հսկողութեան դրութիւն` ի դէմս խաղաղապահ զօրախումբի, ոեւէ մէկէ աւելի շահագրգռուած ենք, որ այն, ինչ որ համաձայնած են Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներն ու Հայաստանի վարչապետը, գործնականին մէջ իրականացուի: Եւ ես համոզուած եմ, որ համանախագահները, երբ կոչ կ՛ուղղէին ամէն ինչ վերջնականապէս լուծելու, նկատի ունէին, որ  պէտք է ամէն ինչ ընել այս բոլոր հարցերը լուծելու համար:

«Մենք ընդհանրապէս չենք կասկածիր, որ երբ մարդիկ սկսին զգալ խաղաղ կեանքի օգուտները` բոլոր պատժամիջոցներուն եւ շրջափակումներուն վերցուելէն, անոնք պիտի սկսին այլ ձեւով վերաբերիլ այն հարցերուն, որոնք մեր որոշ գործընկերներ կը փորձեն սրել եւ բերել առաջին կարգ: Պէտք չէ հիմա քաղաքականացնել գործընթացը: Անիկա այժմ բաւական բարդ կ՛ընթանայ, որովհետեւ կ՛որոշուին երթուղիներու վերաբերեալ հարցեր, շրջանի կապուածութիւնը, կ՛որոշուին շփման գիծի, սահմանագծման, սահմանազատման հարցերը:

«Անոնք հասկնալի հարցեր են, որոնք պէտք է լուծուին, որպէսզի շրջանը հանգիստ շունչ քաշէ եւ ապրի խաղաղ կեանքով: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս հարցը ձգել վերջաւորութեան, իսկ սկիզբը զբաղիլ քաղաքական քննարկումներով, կը կարծեմ, ամբողջ հոլովոյթը գլխիվայր կը շրջեն: Քաղաքական հարցերը շատ աւելի դիւրին է լուծել, երբ մարդիկ սկսին հանգիստ ապրիլ հողի վրայ, թէ՛ ազրպէյճանցիները, թէ՛ հայերը միասին, ինչպէս ատիկա եղած է բազմաթիւ տասնամեակներ եւ հարիւրամեակներ», եզրափակեց Լաւրով:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հետագայ գործունէութիւնը պահանջուած է նախ եւ առաջ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու հարցին մէջ:

Այլ լրագրող մը դիմելով Լաւրովին նշեց, որ նախարարի այցելութեան կեդրոնական նիւթերէն էր ապաշրջափակումը, «սակայն Ազրպէյճանի նախագահը, խօսելով փոխադրամիջոցային ուղիներու մասին` կը յայտարարէ Զանգեզուրի միջանցքի մասին, նշելով, որ եթէ Հայաստանը չհամաձայնի, ուժով պիտի պարտադրեն` ուղիղ սպառնալիք հնչեցնելով Հայաստանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան դէմ: Ի՞նչ կ՛ըսէք այս մասին եւ ինչքանո՞վ ասիկա կը համապատասխանէ եռակողմ յայտարարութեան»:

Լաւրով նկատեց, որ իրենք այսօր բանակցութիւնները նուիրած են ոչ բացառապէս եռակողմ համագործակցութեան` ուղղուած տնտեսական կապերու ապաշրջափակման: Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին, ատիկա միայն նիւթերէն մէկն է:

«Մենք այսօր խօսած ենք յետհակամարտային շրջանին մէջ լուծման բոլոր խնդիրներուն, որոնց շարքին զինուորական, ռազմաքաղաքական, մարդասիրական եւ բազմաթիւ այլ բաներու մասին: Ինչ կը վերաբերի փոխվարչապետներու մակարդակով եռակողմ համագործակցութեան, ապա այդ մեքանիզմը ստեղծուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին որոշումով` 11 յունուարին, անոնց հանդիպման իբրեւ արդիւնք, եւ այդ մեքանիզմը կ՛ենթադրէ համաձայնութիւններ, որոնք կրնան ըլլալ բացառապէս կամաւորական սկզբունքով, փոխշահաւէտութեան հիմքի վրայ, եւ որոնք ոչ մէկ ձեւով կ՛ենթադրեն որեւէ բան, բացի դիւանագիտական համաձայնութենէն եւ որոշումներէն, որոնք պիտի արտօնեն ապաշրջափակել տնտեսական կապերը: Որեւէ հարց, որ կրնայ հակադրուիլ 3 ղեկավարներու այս համաձայնութիւններուն, չեն կրնար ընդունուիլ իբրեւ այլընտրանք անոր, ինչի մասին համաձայնուած է», ըսաւ Լաւրով:

«Մանրամասն քննարկած ենք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը: Նշած ենք գոյութիւն ունեցող յառաջընթացը եւ կացութեան կայունացումը: Չենք նուազեցներ ջանքերը բոլոր պահուող անձերը տուն վերադարձնելու, ինչպէս նաեւ ականազերծման, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ: Շրջանին մէջ կայունացման գործին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ եռակողմ աշխատանքային խումբը Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներուն գլխաւորութեամբ», յայտնեց Լաւրով:

«Մենք կը նկատենք դրական միտումներ Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան լուծման հոլովոյթին մէջ: Գետնի վրայ կացութիւնը զգալիօրէն կայունացած է: Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը հանդէս կու գայ իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւոր, անիկա տեղակայուած է շփման գիծի երկայնքին եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքին: Ոչ նշանակալի միջադէպերը, առանց որոնց, հաւանաբար, ոչ մէկ գործողութիւն կրնայ տեղի ունենալ, անյապաղ եւ արդիւնաւէտօրէն կը լուծուին մեր խաղաղապահ զօրքերուն կողմէ: Անոնք նաեւ անընդհատ ուշադրութիւն կը դարձնեն պատերազմական գերիներու փոխանակման հոլովոյթի աւարտին», ըսաւ Լաւրով:

Բացի ատկէ, ռուսական դիւանագիտութեան պետը բարձր գնահատեց Մոսկուա-Երեւան համագործակցութիւնը համարկման կառոյցներուն մէջ: Բարձր գնահատուեցաւ զինուորական եւ ռազմաարդիւնաբերական ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ Գիւմրիի մէջ ռուսական 102-րդ ռազմակայանի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը:

«Մենք քննարկած ենք քանի մը միջազգային եւ շրջանային նիւթեր: Համաձայնած ենք հետագային եւս համակարգել մեր գործողութիւնները միջազգային կառոյցներուն մէջ, ինչպիսիք են ՄԱԿ-ը, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոպական խորհուրդը, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութիւնը», ըսաւ Լաւրով:

Ան նաեւ նշեց, որ հակառակ ապրանքաշրջանառութեան քիչ մը նուազման, Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի գլխաւոր տնտեսական գործընկերը: Քննարկուած է համագործակցութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ:

«Ռուսիան պատուաստանիւթի քանի մը տասնեակ հազարաւոր բաժին ուղարկած է Հայաստան, կը քննարկուի եւս 1 միլիոն բաժինի տրամադրումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ պատուաստանիւթի արտադրութիւնը», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ միջկառավարական յուշագիր ստորագրուած է կենսաբանական անվտանգութեան ոլորտին մէջ:

«Ընդհանուր առմամբ, բանակցութիւններու ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մտադրութիւնը մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ: Մեր յարաբերութիւնները կը նկատենք խաղաղութեան ու կայունութեան կարեւոր գործօն Հարաւային Կովկասի մէջ, մեր պետութիւններու ընկերային-տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն երաշխիք: Ես իմ գործընկերս հրաւիրած եմ այցելելու Ռուսիա` շարունակելու արտաքին քաղաքական եւ այլ ոլորտներու մէջ մեր հաղորդակցութիւնները», ըսաւ Լաւրով:

 

 

Նախորդը

Լաթվիա Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Եւ Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ  Կորսուածներու Հարցով»  Համաժողովին  Մասնակցողները  Բռնագրաւեալ Արցախ  Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?