Հինգշաբթի, 6 մայիս 2021-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեալ քաղաքական իրադարձութեան` համագործակցութեան մեկնարկին հրաւիրեցին յաղթանակի օրը` 9 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Ազատութեան հրապարակին վրայ: Հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ «Միացի՛ր, մասնակցի՛ր պատմութեան կերտման» խորագիրով: