Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Իրանի Դէմ Հաստատուած Քայլերը Մօտ Օրէն Պիտի Վերցուին. Ռուհանի. «Իբրեւ Հանրապետութեան Նախագահ Ձեզի Կը Յայտարարեմ, Որ Պատժամիջոցները Ձախողեցան»

May 6, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց, որ իր երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ձախողած են: «Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ ձեզի կը յայտարարեմ, որ պատժամիջոցները ձախողեցան, եւ իրանեան պատուիրակութիւնը Վիեննայի մէջ մեծ առաքելութիւն կ՛իրագործէ», ըսաւ ան:

«Սիոնականներու սադրանքները իրենց վերջնական ձախողութեան փուլին մէջ են, որովհետեւ հիւլէական համաձայնութիւնը վերակենդանացման ընթացքին մէջ է, նոյնպէս ալ շրջանին հետ մերձեցումը», աւելցուց Իրանի նախագահը` նշելով. «Իրանի դէմ հաստատուած արգելակիչ քայլերը մօտ օրէն պիտի վերցուին»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ իր կարգին հաղորդեց, որ Վիեննայի մէջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բազմաթիւ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, եւ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը կեցուածքները մերժելի են:

«Շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ամերիկա պատժամիջոցներու պահպանման վրայ կը պնդէ, ճիշդ չեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Բոլորը գիտեն, որ եթէ Ամերիկան պատժամիջոցներու շարունակման վրայ պնդէր, բանակցութիւնները կանգ կ՛առնէին»:

Վիեննայի մէջ բանակցութիւններու մասնակից իրանեան պատուիրակութեան ղեկավար Ապպաս Արաքժի նախապէս յայտարարած էր, որ գոյութիւն ունի համաձայնութիւն մը` վերցնելու ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք թիրախ կը դարձնեն իրանցիներուն մեծամասնութիւնը:

Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Ուլիանով իր կարգին թուիթըրեան գրառումի մը մէջ Վիեննայի բանակցութիւններուն նկատմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնած էր:

 

Նախորդը

Իրաքի Նախագահ. «Պաղտատ Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Մէկէ Աւելի Բանակցութիւններ Հիւրընկալեց»

Յաջորդը

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Կիսաւարտականի Դարձի Մրցումները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.