«Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, այսօր կը յստականան աւարտական հանգրուանին հասնող խումբերը:
Լոնտոնի մէջ Արսենալ կը հիւրընկալէ Վիարէալը, իսկ Հռոմի մէջ Ա. Էս. Ռոմա` Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Երթին Ա. Էս. Ռոմա պարտուեցաւ 6-2 արդիւնքով, մինչ Արսենալ` 2-1 արդիւնքով:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ գերմանացի Ֆելիքս Պրիխ: