Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու պայքարը պիտի ընթանայ երկու կազմերու` Լէոյի եւ Արարատ-Արմենիայի միջեւ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած կիսաւարտականի դարձի մրցումներուն, Արարատ-Արմենիա 13-4 արդիւնքով յաղթեց Լուսառատին, մինչ գործող ախոյեան Լէօ 5-1 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին:
Նշենք, որ աւարտականի մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ երթուդարձի դրութեամբ:



