Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Այաքս Ամսթերտամ 4-0 արդիւնքով յաղթելով իր հիւրին` Էմմենին, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը, տարեշրջանի աւարտէն երեք հանգրուան առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Այաքս ունեցաւ 79 կէտ եւ այժմ 14 կէտով կը գերազանցէ իր անմիջական մրցակիցը` ՓՍՎ Այնտհովըն:
Այսպիսով, Այաքս Ամսթերտամ 35-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Անոր կը յաջորդէ ՓՍՎ Այնտհովըն, որ 24 անգամ հռչակուած է ախոյեան: