Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Էմփոլի 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քոսենցային, տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ ապահովեց յառաջիկայ տարեշրջանի Ա. դասակարգի («Քալչիօ») իր տոմսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Էմփոլի իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 70 կէտ, մինչ անոր անմիջական մրցակիցը` Սալերնիթանա ունի 63 կէտ:
Էմփոլի 2018-2019 տարեշրջանի աւարտին դուրս մնաց «Քալչիօ»-էն` գրաւելով ընդհանուր դասաւորման 18-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Էմփոլիի մարզիչն է Ալեսիօ Տիոսինի: