Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՐԻՕ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

February 1, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մարիօ Նալպանդեան` ելոյթի պահուն

Քոսթա Ռիքայի մայրաքաղաք Սան Խօսէի մէջ 23-24 յունուարին գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը` մասնակցութեամբ անդամ 60 կուսակցութիւններու շուրջ 170 պատուիրակներուն: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:

Ժողովին բացման խօսքը արտասանեց Քոսթա Ռիքայի հանրապետութեան նախագահ Լաուրա Չինչիլլա:

Ժողովը քննարկեց ներկայ տնտեսական տագնապը, կլիմայական փոփոխութիւնները եւ ընկերվար-ժողովրդավարութեան համաշխարհային շարժման հիմնական խնդիրները:

Ժողովը քննարկեց Ընկերվար միջազգայնականի կազմակերպական հզօրացման խնդիրը` այս տարուան ընթացքին գումարուելիք կազմակերպութեան 24-րդ համագումարին ընդառաջ:

Ժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:

Իր որոշումներուն եւ յայտարարութիւններուն շարքին, ժողովը նաեւ որդեգրեց Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան եւ դատական համակարգի անկախութեան մասին յայտարարութիւն մը: Ընկերվար միջազգայնականը կը դատապարտէ իր անդամ եւ Թուրքիոյ մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարին դէմ յարուցուած դատական գործը, իր անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ «Պէ.Տէ.Փէ» կուսակցութեան անդամ ընտրուած պետական պաշտօնեաներու ձերբակալութիւնները, խօսքի ազատութեան սահմանափակումները եւ գործադիր իշխանութեան կողմէ դատական համակարգին վրայ հաստատուած ամբողջական հակակշիռը:

ժողովին ընթացքին ՀՅԴ ներկայացուցիչը ունեցաւ բազմաթիւ հանդիպումներ տարբեր պատուիրակութիւններու անդամներուն հետ` Դաշնակցութիւնը եւ հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն վերաբերեալ:

Յայտնենք, որ ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն միայն Դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունի Ընկերվար միջազգայնականին մէջ: Դաշնակցութեան անդամ Մարիա Թիթիզեան կազմակերպութեան փոխնախագահ է, իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալբանդեան` ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ:

Նախորդը

ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Յաջորդը

«ՍԱՐՔՈԶԻ ԿՐՆԱՅ ՉՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.