Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵԹԷ ՍՏԻՊՈՒԻՆՔ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ` ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆԵԹԱ

January 31, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լէոն Փանեթա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նոր Զելանտայի Օքլանտ քաղաքին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելը լաւ արդիւնքի պիտի չառաջնորդէ»:

«Ռուսիա կառչած կը մնայ այն կեցուածքին, ըստ որուն, պատժամիջոցները ապարդիւն են եւ կարգ մը պարագաներու հակառակ արդիւնքը կու տան», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ այս հարցին մէջ կարելի է նշմարել այն տեսութիւնը, թէ «ամէն արարք իր հակազդեցութիւնը ունի: Ասիկա հարց մըն է, որ լաւ արդիւնքի պիտի չառաջնորդէ»:

Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան երկիրներուն քարիւղի մատակարարումը դադրեցնելու Իրանի սպառնալիքներուն` Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա այս կացութեան հետ կապ չունի: Իրանի որոշումը յաջորդեց Եւրոպական Միութեան կողմէ 1 յուլիսէն սկսեալ իրանեան քարիւղ ներածելէ դադրելու որոշումին»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտնեց, որ իրանցիները հիւլէական ռումբ շինելու համար բաւարար իւրանիոմ հարստացնելու համար շուրջ մէկ տարուան ժամանակի կը կարօտին` նշելով, որ Ուաշինկթըն այդ մէկը կանխարգիլելու համար պէտք եղածը պիտի ընէ:

Ան ամերիկեան «Սի.Պի.Էս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կայ այն ընդհանուր կարծիքը, թէ իրանցիք այդ մէկը կատարելու հաւանաբար շուրջ մէկ տարուան պիտի կարօտին, որպէսզի ռումբ արտադրեն, ապա մէկ կամ երկու տարուան պիտի կարօտին զայն իբրեւ հրթիռ պատրաստելու համար:

«Միացեալ Նահանգներ եւ նախագահը (Օպամա) այս կէտին շուրջ շատ յստակ էին, չեն ուզեր, որ Իրան հիւլէական զէնք զարգացնէ: Ասիկա կարմիր գիծ է մեզի, եւ ինչպէս յայտնի է` իսրայէլացիներուն համար: Ուստի այս հարցին շուրջ հասարակաց նպատակ մը ունինք»:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի դէմ զինուորական միջամտութեան, Փանեթա ուղղակի պատասխան մը չտուաւ` բաւարարուելով «բոլոր կարելիութիւնները սեղանի վրայ են» ըսելով: Ան ընդգծեց, որ «եթէ ստիպուինք այդ մէկը ընել` պիտի ընենք»:

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ԳԷՈՐԳ (ՃՈՐՃ) ԱԲԷԼԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ

Յաջորդը

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԱՐԱԲԱԿԱՆ-ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.