Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ուաշինկթըն Կը Պատրաստուի Իրանին Նոր Առաջարկ Մը Ներկայացնելու. «Մինչեւ Պատժամիջոցները Չվերցուին, Թեհրան Պիտի Չնուազեցնէ Իւրանիմոի Հարստացման Մակարդակը» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

March 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի իշխանութիւնները իւրանիոմի հարստացման 20 առ հարիւր մակարդակի նուազեցման պիտի չդիմեն, մինչեւ Միացեալ Նահանգները չվերցնեն Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Երէկ այս մասին հաղորդեց «Փրես Թի.Վի.»-ն` վկայակոչելով իրանցի անանուն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:

«Իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը կը համապատասխանէ հիւլէական գործարքի 26-րդ պարբերութեան եւ պիտի դադրեցուի միայն այն պարագային, երբ Միացեալ Նահանգներ ջնջեն բոլոր պատժամիջոցները», ըսած է ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ժամանակ կը կորսնցնէ»:

«Եթէ անոնք յառաջիկային չեղեալ չյայտարարեն պատժամիջոցները, ապա Իրանը պիտի կատարէ յաջորդ քայլերը, որոնք պիտի նշանակեն (Իրանի) պարտաւորութիւններու հետագայ կրճատում հիւլէական գործարքի ծիրին մէջ», նշած է ան:

Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ ամերիկեան վարչակազմը կը պատրաստուի այս շաբթուան ընթացքին Իրանի կառավարութեան յանձնելու Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին շուրջ ներկայ կացութեան լուծման նոր առաջարկ մը:

Հրատարակութիւնը կը բացատրէ, որ նախաձեռնութիւնը կը նախատեսէ Իրանի նկատմամբ ամերիկեան պատժամիջոցներու որոշակի մեղմացում` ի պատասխան Թեհրանի կողմէ հիւլէական ոլորտին մէջ գործունէութեան որոշ տեսակներու դադրեցման, ինչպիսիք են` կատարելագործուած կազային հնոցներու օգտագործումը եւ իւրանիոմի մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացումը:

26 փետրուարին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարած էր, որ եթէ Թեհրան ամբողջովին վերադառնայ հիւլէական գործարքի ծիրին մէջ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, Միացեալ Նահանգները եւս նոյնը պիտի ընեն, իսկ ատկէ ետք պիտի ձգտին գործարքի շրջագիծերու ամրապնդման:

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհին իր կարգին 2 մարտին ընդգծած էր, որ Միացեալ նահագններու հետ երկխօսութեան սկսելու համար Թեհրանը պէտք է համոզուի, որ Ուաշինկթըն պիտի վերցնէ պատժամիջոցները:

Նախորդը

Տուշանպէի Մէջ Պայրամով-Զարիֆ Եւ Պայրամով-Չաւուշօղլու Հանդիպումներ

Յաջորդը

Վրաստանի Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն Պոյքոթի Ենթարկել Ազրպէյճանական Ապրանքները

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.