Իրան Պատրաստ Է Մասնակցելու Ազրպէյճանի
«Ազատագրուած Տարածքներու Վերաշինութեան
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ անոր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ հանդիպում ունեցած են Տուշանպէի մէջ` «Ասիոյ սիրտը, պոլսական գործընթաց» 9-րդ նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Հանդիպումի ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը, Կասպից ծովուն մէջ համագործակցութիւնը եւ տնտեսական ու քաղաքական ոլորտներուն մէջ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Կողմերը բարձր գնահատած են այս տարի Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ տնտեսական, առեւտուրի եւ մարդասիրական ոլորտներու պետական յանձնախումբի վերջին նիստին արդիւնքները:
«նախարարները քննարկած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրները, մասնաւորաբար` ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ստորագրուած եռակողմ յայտարարութիւններու իրագործումը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է «Ազրպէյճանի ազատագրուած տարածքներուն մէջ» վերականգնման աշխատանքներ կատարելու վերաբերեալ: Զարիֆ նշած է, որ իրանեան ընկերութիւնները պատրաստ են մասնակցելու «ազատագրուած տարածքներու» ականազերծման եւ վերաշինութեան:
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Երկու նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան, ինչպէս նաեւ «յետհակամարտային վերականգնման եւ վերակառուցման ծիրերուն մէջ ազրպէյճանական կողմի կատարած աշխատանքներուն վերաբերեալ»:
Կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի հարցերը եւ գոհունակութեամբ նշած, որ 1 ապրիլին ուժի մէջ պիտի մտնէ «Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մուտքի արտօնագիրի փոխադարձ ազատման մասին Պաքուի մէջ կնքուած համաձայնագիրը փոփոխութեան ենթարկելու մասին» թիւ 1 արձանագրութիւնը, ըստ որուն, երկու երկիրներու քաղաքացիները կրնան փոխադարձ այցելութիւններ կատարել ինքնութեան քարտով:



