
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան արդարութեան նախարար Իպրահիմ Նաժժարը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, որ հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեց կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կրնայ դիմադրել Լիբանանին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ արաբական աշխարհը, յատկապէս` Սուրիան յուզող հարցերը:
Այս ծիրին մէջ Ֆըրզլի ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երէկուան ցոյցերը արտակարգ եւ աննախընթաց զօրակցութիւն կը նկատուին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին նկատմամբ:
Ֆըրզլի շեշտեց, որ Սուրիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան կառչած մնալու իրականութիւնը պէտք է սուրիական եւ լիբանանեան անհրաժեշտութիւն դառնայ, որովհետեւ Լիբանանի ապահովութիւնը կու գայ Սուրիոյ ապահովութենէն, իսկ Սուրիոյ ապահովութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութենէն:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ռոժէ Տիպ, որ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց «Լիբանանի ապագան» խորագիրը կրող իր հեղինակած գիրքը:


