Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Որդեկորոյս Մայրերուն Կարմիր Վարդերը

Մարտ 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս օրերուն հայ զանգուածներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական զարգացումներուն վրայ, ուստի Կնոջ միջազգային օրը կամ կնոջ նուիրուած ամիսը ընդհանրապէս առիթ մըն է խորհրդածելու  արցախեան վերջին պատերազմին հայ կնոջ դերին, անոր կորուստներուն եւ հասարակութեան դարձուցած ուշադրութեան մասին:

Պատերազմն ու տեղահանութիւնը ամէնէն խորունկ վէրքերը ձգեցին մայրերու հոգիներուն մէջ: Անոնց, որոնք հայրենի հողը, տունն ու տեղը պաշտպանելու, անոնց տիրութիւն ընելու համար իրենց ամէնէն թանկարժէքը նուիրեցին հայրենիքին` իրենց որդիները, ամուսինները, եղբայրները ու դարձան ոչ միայն տնազուրկ, հայրենազուրկ, այլեւ` այրի եւ որդեկորոյս կիներ:

Այս տողերը ընթերցողին խղճահարութիւնը արթնցնելու համար չէ, որ կը գրենք, այլ` անդրադառնալու հայ հասարակութեան, հայ ընտանիքին արիւն ներարկող սրտին, հայ մօր, անոր կացութեան եւ հարց տալու, թէ որքանո՞վ գնահատուած է անոր զոհաբերութիւնը, անոր դերը հայ հասարակութեան մէջ:

Տօները, ընդհանրապէս, ժամանակաւոր յարգանք ցուցաբերելու համար չեն սահմանուած, անոնք յուշարարներ են առօրեայ մեր հեւքին մէջ մոռացութեան մատնուած հարցեր վեր առնելու եւ լուծումներ որոնելու:

Նոյն պատգամը չէի՞ն տար միթէ նահատակներու մայրերը, երբ իրենց տօնին առիթով ծաղիկներ ստանալու փոխարէն` իրենց որդիներու շիրիմներուն կը զետեղէին կարմիր վարդեր, ըսելու համար, որ իրենց ուրախութիւնը Եռաբլուրի հողին մէջ թաղուեցաւ, ու ոչ մէկ տօն դուրս պիտի բերէ զայն այդ հողէն: Ըսելու համար նաեւ, որ հայ մայրերը Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ յոյսի ու վերածնունդի սերմեր ցանեցին, որպէսզի անոնք ծիլ տան, ծաղկին ու հայրենի կեանքը ծաղկեցնեն նոր, պայծառատես երիտասարդներով: Ըսելու համար, որ Եռաբլուրի շիրիմները կեանքի աւարտը չեն ազդարարեր, այլ պայքարի անշէջ հուրով կը լուսաւորեն իւրաքանչիւր այցելուի միտքն ու հոգին: Այդ իսկ պատճառով այցելուները պիտի շարունակեն ամէն օր խունկ ու մոմ վառել այնտեղ, ծաղիկներ զետեղել, իսկ հայ մայրերը` մշտավառ այդ հուրին աղերսուիլ, այրիլ անոր մէջ ամէն օր, իրենց սրբացած ձեռքերով ծաղիկներ զետեղելով այնտեղ: Այրիլ ոչ թէ մոխրանալու, այլ` լոյս սփռելու, ապրելու կամք ճառագայթելու:

Նահատակներու մայրերը երկրի դժնդակ այս օրերուն յոյսի փարոսներ են, անոնք արժանի են խնամքի, ուշադրութեան, յարգանքի: Անոնց խօսքն ու դիտողութիւնը աւելի դիպուկ եւ անկեղծ կը հնչեն այս օրերուն, քան` որեւէ  ճարտասանին ճառը:

Հա՛յ մայրեր, որքան ալ մշուշապատ դառնայ հայրենի երկնակամարը, դուք պիտի լուսաւորէք զայն` նոր սերունդներու ծնունդ տալով, զանոնք առողջ դաստիարակութեամբ զինելով ու նոր աւիշ ներարկելով հայ կեանքին:

Շնորհաւորել ձեր տօնը` կը նշանակէ ապահովել ձեր բարեկեցիկ կեանքը, ձեր խաղաղ գոյատեւման ու արարումին նպաստող պայմանները, յարգել ձեր ներդրումը հայ ընտանիքին, հայ հասարակութեան, հայ կեանքին ընդհանրապէս, տիրութիւն ընել յատկապէս տնազուրկ դարձած, նահատակ զաւակներ, ամուսիններ, եղբայրներ ազգին նուիրած մայրերուն, կիներուն` նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելով անոնց: Ծաղիկ նուիրելն ու զիրենք լոկ խօսքերով շնորհաւորելը պիտի չսպիացնեն անոնց վէրքերը:

Պետական մարմիններ, բարեսիրական հաստատութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ պարտաւոր են իրենց արժանի պատուանդանին վրայ պահել պատերազմէն տուժած հայ մայրն ու կինը, յարգել անոնց կսկիծը ու այնպէս գործել, որ ժպիտը կրկին ուրուագծուի անոնց դէմքին վրայ:

Նախորդը

Երբեմնի Գրատուները

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Գ. Համարը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?