Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ա.- Բնութիւն
1) Ո՞ր շրջանէն եկած է պոնզայ թզուկ ծառեր մշակելու արուեստը.
ա.- Ափրիկէ, բ.- Իտոնեզիա, գ.- Ճափոն
2) Բեւեռային շրջաններուն մէջ ծփացող այսպերկներուն որքա՞նը միայն տեսանելի է.
ա.- Մէկ հինգերորդը, բ.- Մէկ երրորդը, գ.- Կէսը
3) Քանի՞ քիլօ խաղող պէտք է ունենալ ստանալու համար 50 լիթր գինի.
ա.- 100 քիլօ, բ.- 50 քիլօ, գ.- 250 քիլօ
4) Ինչի՞ կը ծառայեն ալիքները.
ա.- Ջուրը իրենց հետ հորիզոնական ձեւով տանելու, բ.- Ջուրը խառնելու, գ.- Ջուրը շրջանակաձեւ կերպով շարժելու
5) Ի՞նչ գոյն կ՛ըլլայ լոլիկը` կարմիր դառնալէ առաջ.
ա.- Կանաչ, բ.- Ճերմակ, գ.- Սրճագոյն
6) Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող ջուրին 97 առ հարիւրը:
ա.- Ջինջ ջուր է, բ.- Աղի ջուր է, գ.- Անուշ ջուր է
Բ.- Գիտութիւն
1) Ի՞նչ կը պատահի ջուրի մակերեսին, երբ երկրագունդը կը տաքնայ.
ա.- Ան կը բարձրանայ, բ.- Ան կը ցածնայ, գ.- Նոյնը կը մնայ
2) Բազմաթիւ առարկաներ կաշիէ են, սակայն ուրկէ՞ եկած է կաշին.
ա.- Անասուններու մորթէն, բ.- Քարիւղէն, գ.- Ձգախէժի ծառի կեղեւէն
3) Քանի՞ լիթր ջուրի պէտք կայ արտադրելու համար 1 թոն թուղթ.
ա.- 40 Հազար լիթր, բ.- 4 Հազար լիթր, գ.- 4 Հարիւր լիթր
4) Որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի լոյսը` լուսինէն երկրագունդ հասնելու համար.
ա.- 1 Երկվայրկեանի, բ.- 30 Երկվայրկեանի, գ.- 1 Վայրկեանի
5) Ի՞նչ աստիճանի վրայ կ՛եռայ ջուրը:
ա.- 100, բ.- 0, գ.- 1000
6) Արեւը մեզի շատ լոյս եւ տաքութիւն կու տայ, սակայն ի՞նչ է բաղկացած է ան:
ա.- Տաք կազերէ, բ.- Մետաղեայ հեղուկներէ, գ.- Տաք քարերէ
Գ.- Աշխարհ
1) Երբ դուք հասնիք Սչիփոլիի օդակայանը դուք ժամանած պիտի ըլլաք.
ա.- Հարաւային Ափրիկէ, բ.- Հոլանտա, գ.- Հոլանտական Անթիյ կղզիները
2) Քանի՞ երկիր կը պարունակէ ովկիանեան ցամաքամասը.
ա.- Նուազ քան 5 երկիր, բ.- 5-էն 10 երկիր, գ.- Աւելի քան 10 երկիր
3) Առաջին գետնախնձորները Եւրոպայի մէջ մշակուած են 16-րդ դարուն: Սակայն ծագումով ո՞ր շրջանէն եկած են անոնք.
ա.- Հարաւային Ամերիկայէն, բ.- Ասիայէն, գ.- Ափրիկէէն
4) Չինաստանի պարիսպը մարդուն կողմէ շինուած ամէնէն երկար կառոյցն է: Անոր երկայնքը մօտաւորապէս.
ա.- 1500 քմ է, բ.- 2500 քմ է, գ.- 3200 քմ
5) Ո՞ր լեզուն ամէնէն մեծ թիւով մարդոց կողմէ կը խօսուի աշխարհի վրայ.
ա.- Չինարէնը, բ.- Անգլերէնը, գ.- Ռուսերէնը
6) Աշխարհի վրայ ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող քաղաքն է.
ա.- Թոքիօ, բ.- Մեքսիքօ, գ.- Լոս Անճելըս
Դ.- Անասուններ
1) Ո՞ր թռչունը միջազգային խաղաղութեան խորհրդանիշ մըն է.
ա.- Աղաւնին, բ.- Ծիծեռնակը, գ.- Արագիլը
2) Ո՞ր թռչունը կրնայ թռչելով ուտել.
ա.- Մեղրահաւը, բ.- Սարեակը, գ.- Ծիծեռնակը
3) Քանի՞ աչք ունի սարդը.
ա.- 2, բ.- 4, գ.- 8
4) Ի՞նչ կը պարունակէ ուղտերուն կուզը.
ա.- Ջուր, բ.- Ճարպ, գ.- Ուտելիք
5) Քանի՞ բառ կրնայ սորվիլ շէմփանզէ մը:.
ա.- 10 բառ, բ.- 100 բառ, գ.- 300 բառ
6) Ո՞ւր կ՛ապրի բեւեռային արջը:.
ա.- Հիւսիսային բեւեռ, բ.- Հարաւային բեւեռ, գ.- Երկու բեւեռներու շրջաններուն մէջ:
Պատասխանները՝ վերջաւորութեան
Դահոյկի Դաշտեր Քաղաքին Մէջ
Նորվեկիացիները այնքան կը սիրեն դահոյկ ընել, որ կարծէք դահոյկներով կը ծնին: Յունուարին, երբ առաջին ձիւնի փաթիլները կը թափին, անոնք կ՛ուղղուին դէպի Օսլօ մայրաքաղաքը շրջապատող բլուրները:
Սակայն այս տարի «Քորոնա» ժահրին պատճառով ասիկա կարելի պիտի չըլլար: Հետեւաբար, քաղաքապետարանը կ՛որոշէ դահոյկի յատուկ դաշտեր հաստատել Օսլոյի կեդրոնը, հանրային պարտէզներուն մէջ:
Ձիւն արտադրող մեքենաները կը պատրաստեն ձիւնը, որ ապա յատուկ փոխադրակառքերով կը փոխադրուի Օսլոյի չորս մեծ հանրային պարտէզները: Ուրախ են բնակիչները, որովհետեւ վերջապէս պիտի կարենան դուրս հանել իրենց դահոյկները, սահնակներն ու սնոպորտերը, եւ օգտուին ձիւնէն` իրարու միջեւ հեռաւորութիւնները պահելով:
Ժամանց




Պատասխաններ
Ա.- Բնութիւն: 1-գ, 2-ա, 3-ա, 4-գ, 5-բ, 6-ա:
Բ.- Գիտութիւն: 1-ա, 2-ա, 3-ա, 4-ա, 5-ա, 6-ա:
Գ.- Աշխարհ: 1-բ, 2-գ, 3-ա, 4-բ, 5-ա, 6-ա:
Դ.- Անասուններ.- 1-ա, 2-ա, 3-գ, 4-բ, 5-գ, 6-ա:













