Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցական Մշակութային Ժառանգութեան Սպանդը

March 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Քրիստոնեայ աշխարհի կրօնաւորներու հաւաքի մը պատկերին մէջ հայ եկեղեցականի վեհաշուք ներկայութիւնը կը բնորոշուի վեղարով, որ նորաօծ աբեղայէն մինչեւ հայոց կաթողիկոսի ինքնութեան խորհրդանիշն է: Լրատուական պաստառին դիմաց հոգիդ կը հրճուի, երբ երկրագունդի որեւէ անկիւնէ սփռուած լուրի պատկերին մէջ կը յայտնուի հայկական եկեղեցւոյ գմբէթ մը:

Վատորակ արուեստ

Այսպիսի երեւոյթներու մեր եկեղեցական մշակոյթի պահպանման շրջագիծէն ներս անառարկելի եւ անբիծ մնալը այս օրերուն բոլոր ժամանակներէն աւելի հրամայական է, երբ կը տեսնենք Արցախի յանձնուած տարածքներու մէջ մեր հնադարեան եկեղեցիներու պատկանելիութեան նենգափոխման ճիգերը:

Հոգեւորականի մը կողմէ Դիմատետրի վրայ յայտնուած ծանուցում մը` «Սիրելի՛ ընկերներ, յառաջիկայ օրերին Մոսկուայից Երեւան եկողներին խնդրում եմ արձագանգել: Թեղենիքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցու նոր մոմակալները Հայաստան բերելու խնդիր ունեմ», ու անոր կցուած մոմակալի պատկերը չէր կրնար ուշադրութենէս վրիպիլ:

Յիշեալ եկեղեցւոյ կայքին մէջ յայտնուեցան նաեւ նոյն որակով եկեղեցական այլ իրեր, որոնք նուէր ստացուած էին:

Հայ հաւատացեալի մը աչքը խարանող այս օտարամուտ մշակոյթը, հայրենի հողին վրայ, անտարբերութենէ անդին կ՛երթայ:

Կցուած պատկերներուն մէջ յստակ է, որ ոչ միայն օտարամուտ են, այլ` վատորակ եւ անարուեստ արտադրութիւններ, որ կարգ մը քրիստոնեայ երկիրներու մէջ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի վերածուած են:

Տասնեօթ դարերու ընթացքին մեր եկեղեցւոյ մէջ գործածուած իրերը`  տեսակաւոր խաչեր, բուրվառներ, մոմակալներ, սկիհներ, միւռոնի աղաւնիներ, ջրօրհնէքի կաթսաներ, կանթեղներ, խնկամաններ, քշոցներ, ծնծղաներ, սրբանկարները` այնքան ինքնատիպ, մետաղեայ քանդակներով կազմուած մատեանները՝ յաճախ վարպետօրէն կրկնօրինակուած, հայկականութեան դրոշմը կը հաստատեն  համայն հայութեան հպարտութիւն առթող մեր քարեղէն կառոյցներէն ներս:

Ցեղասպանութեան ենթարկուած արեւմտահայերը տեղահանութեան թոհուբոհի ընթացքին առաջնահերթ նկատեցին փրկել մեր եկեղեցական գանձերը: Եղերաբախտ Սահակ կաթողիկոս Խապայեան Սիսի կաթողիկոսանիստ վանքէն Հալէպ փոխադրեց Կիլիկեան աթոռի շարժական հարստութիւնը:

Ս. Դադիվանքի զանգեր

Նոր մորմոք մը ապրեցանք Արցախի Ս. Դադիվանքի զանգակներու փոխադրութեան պատկերներու սփռումի պահուն:

Որոշ հետաքրքրութեան մը որպէս արդիւնք` ի յայտ եկաւ, որ վերոնշեալ աղէտալի անտարբերութիւնը համատարած է Հայաստանի մէջ:

Բարեբախտաբար վերանկախութենէն ետք բազմաթիւ եկեղեցական կառոյցներ կանգնեցան, մեծ մասամբ` բարերարներու շնորհիւ, յարգելով եւ պահպանելով հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան ինքնատիպ ոճը:

Նոյնքան կարեւոր է, որ հայրենի մշակոյթի նախարարութիւնը «ի չգոյէ» եւ Մայր Աթոռը իրենց դերը ունենան մեր եկեղեցական մշակութային ժառանգութեան պահպանման մէջ` արհեստանոցներու հաստատմամբ, այսպիսով աշխատանքի  առիթներ ստեղծելով, որպէսզի թանգարաններու եւ ալպոմներու մէջ չմնայ մեր դարաւոր արուեստը, ու մեր եկեղեցիները չդառնան այլ մշակոյթներու ցուցասրահներ:

Ժընեւ 

Նախորդը

Նորահայերէնով Ի՞նչ Կը Նշանակէ «Հպարտ»

Յաջորդը

Ալիեւ, Էրտողան Եւ Փութին Ինչո՞ւ Կողմնակից Են Հայաստանի Վարչապետին

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.