Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երբ Կրահամ 3 տարեկան էր, ոստիկանութեան ուղղաթիռներէն մէկը այնքան ցածէն անցաւ, որ ան թռցուց Ուկանտայի մայրաքաղաք Քամփալայի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտնուող Կրահամի մեծ մօր տան տանիքը, մինչ Կրահամ կը խաղար բակին մէջ:
Այս պատահարը տպաւորեց մանչուկը, ան սկսաւ օդանաւներու մասին անվերջանալի հարցումներ ուղղել մօրը:
Կրահամ այնքան հետաքրքրուած էր օդանաւերով, որ անոր մայրը զայն արձանագրեց թռիչքի մօտակայ դպրոցի մը մէջ, եւ Կրահամ սկսաւ սորվիլ օդանաւերու կտորներու եւ թեքնիք բաժիններու մասին:
Հինգ ամիս ետք ան սկսաւ թռիչքի դասերը: Արտայայտուելով որ առաջին թռիչքի մասին` ան ըսաւ, թէ զգացած էր դէպի երկինք բարձրացող թռչունի մը նմանի:
Եօթը տարեկանին ան արդէն երեք թռիչք կատարած է` իբրեւ փորձառական շրջան, չորս հոգինոց Սէսսնա 172 փոքրիկ օդանաւի մը մէջ: Ան մեծ գոհունակութիւն կը զգայ երբ շուրջինները զինք «քափթըն» կը կոչեն:
Կրահամի նախասիրած նիւթերը թուաբանութիւնն ու գիտութիւնն են: Անոր երազն է օր մը դառնալ օդաչու եւ աստղանաւորդ:
Ճէնկայի Անհաւատալի Աշտարակը
Երբ վեց տարեկան էր, Օլտին Մաքուէլ արդէն կ՛երազէր իր անունը գտնել Կինէսի մրցանիշներու գիրքին մէջ: Տասներկու տարեկանին ան վերջապէս իր երազը կ՛իրականացնէ:
Երեք ամիս առաջ ան կը յաջողի դիզել 693 կտորներ, որոնք կը համապատասխանեն 54 կտոր պարունակող 13 ճէնկախաղի տուփերու: Այս քանատացի պատանին կրցաւ կտրել մրցանիշը` ուղղահայեաց կերպով դրուած Ճէնկայի մէկ կտորի մը եւ հաւասարակշռութիւնը պահած ամէնէն մեծ թիւով Ճէնկայի կտորներու:
Լիլիանայի 10 Հազար Քայլերը
Յատկապէս այս օրերուն մենք շատ առիթ չունինք տունէն դուրս ելլելու, մարզանք ընելու կամ նոյնիսկ քալելով երկար պտոյտներ կատարելու: Սակայն բոլորս ալ գիտենք, թէ շարժիլը որքան կարեւոր է եւ անհրաժեշտ թէ՛ մարմնին, թէ՛ ալ մեր մտքին համար:
Շուէտի մէջ պետութիւնը պատրաստած է յատուկ տեսահոլովակ (քլիփ) մը` մղելու համար պատանիներուն աւելի շարժելու, օրական 10 հազար քայլ առնելով: Այս տեսահոլովակին մէջ մենք կը տեսնենք 9 տարեկան Լիլիանա Փլունկա, որ ամբողջ օր մը կ՛անցընէ պարելով: Ան պարի իր քայլերը կը սկսի առնել, երբ կ՛արթննայ, եւ նոյն ձեւով կը շարունակէ ամբողջ օրը, իր սենեակին մէջ, ճամբան, դպրոցը…
Փոքրիկ Աղջնակ Մը Կը Գտնէ
Հոյամողէսի Մը Հետքը
Չորս տարեկան Լիլի իր հօրը հետ կը պտտէր Ուէյլզի ծովափներէն մէկուն վրայ, երբ ան կը նշմարէ քարի մը վրայ փորագրուած յատուկ հետք մը:
Վերլուծումներէ ետք արդիւնքը կը յայտարարուի. ան 220 միլիոն տարուան հոյամողէսի մը հետքն է: Ըստ մասնագէտներու, ան Անգլիոյ մէջ գտնուած «ամէնէն լաւ պահպանուած» հետքերէն մէկն է:
Այս հետքը գտնելը կրնայ նաեւ օգնել գիտնականներուն հասկնալու, թէ երկրագունդին նախկին բնակիչները ինչպէս կը շրջէին:
***
Սակայն որո՞ւ կը պատկանի այս հետքը, ո՞ր հոյամողէսը իր հետքը ձգած է այդ ծովափին վրայ: Ճշգրիտ կերպով գիտնալը անկարելի է: Սակայն գիտնականները կը մտածեն, թէ ան 75 սմ հասակ եւ 2,5 մեթր երկայնք ունեցող անասուն մըն էր եւ կրնար երկու ոտքերուն վրայ կանգնիլ: Անոնք կը մտածեն նաեւ, թէ ան կ՛ուտէր միջատներ եւ փոքրիկ կենդանիներ:
Տասը սմ մեծութիւն ունեցող հետքը մօտ օրէն պիտի ցուցադրուի Քարտիֆի թանգարանին մէջ:
Հետաքրքրական
Ինչո՞ւ Աղը Սառոյցը Կը Հալեցնէ
Ձմրան, այն շրջաններուն մէջ, որ յաճախ կը ձիւնէ, թոներով աղ կը սրսկուի ճամբաներուն մէջ` ձիւնին եւ սառոյցին դէմ պայքարելու համար, այսպիսով ապահով պահելով փողոցները:
Ջուրը կը սառի 0 աստիճան սէլսիսուի վրայ: Այս ջերմաստիճանին է, որ կը պատահի ձուլում եւ ջուրը հեղուկ վիճակէ կ՛անցնի հաստատուն վիճակի, եթէ ան մաքուր է:
Երբ ջուրը մաքուր չէ, այս ձուլումի աստիճանը կ՛իջնէ 0-էն ցած: Ձուլումի աստիճանը կը տարբերի` ըստ այդ աղտոտութիւններուն տեսակին եւ քանակին:
Փողոցները սրսկուած աղը ընդհանրապէս սոտիոմ քլորայտ է, այսինքն ճաշին մէջ մեր գործածած աղին նման: Ան կրնայ ջուրի ձուլումի ջերմաստիճանը իջեցնել, ըստ ջուրին մէջ աւելցուած անոր քանակին:
Մենք որքան աղ աւելցնենք, այնքան ձուլումի ջերմաստիճանը զերոյէն վար կ՛իջնէ: Օրինակի համար, երբ մենք 3 առ հարիւր աղ կ՛աւելցնենք, ջուրին ձուլումի ջերմաստիճանը կ՛իջնէ -1,8 աստիճանի, իսկ եթէ աղին քանակը հասնի 10 առ հարիւրի ձուլումի աստիճանը կ՛իջնէ -6,6-ի:
Ասոր պատճառը ջուրին եւ աղին քիմիական բաղադրութիւնն է:
Սակայն, երբ ջերմաստիճանը շատ նուազի, այս պարզ աղը չի կրնար սառոյցը հալեցնել: Կարելիութիւնը կայ գործածելու ուրիշ աղի տեսակներ, սակայն անոնք կրնան վնասակար ըլլալ բնութեան:
Ժամանց