Երէկ` չորեքշաբթի, 10 մարտ 2021-ին, Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, որ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեան դադրած է այդ պաշտօնէն:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի վերաբերելի դրոյթներով` վարչապետի կողմից 2021 թուականի փետրուարի 25-ին Հանրապետութեան նախագահին էր ներկայացուել առաջարկութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանին զբաղեցրած պաշտօնից ազատելու վերաբերեալ` կցելով համապատասխան հրամանագրի նախագիծը: 2021 թուականի փետրուարի 27-ին վարչապետի աշխատակազմ են մուտք եղել Հանրապետութեան նախագահի առարկութիւնները վերոնշեալ նախագծի վերաբերեալ:
Նախագահի կողմից ներկայացուած առարկութիւնները վարչապետի կողմից չեն ընդունուել, ինչի մասին 2021 թուականի փետրուարի 28-ին գրութիւն է ուղարկուել հանրապետութեան նախագահին` համապատասխան հիմնաւորումներով: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի հանրապետութեան օրէնքի 35.1-ին յօդուածի 3-րդ մասով սահմանուած ժամկէտներում Հանրապետութեան նախագահը չի ստորագրել վարչապետի կողմից ներկայացուած նախագիծը եւ չի դիմել Սահմանադրական դատարան, հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 139-րդ յօդուածի 3-րդ մասը, ինչպէս նաեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի օրէնքի 35.1-ին յօդուածի 6-րդ մասը եւ նոյն օրէնքի 40-րդ յօդուածի 3-րդ մասը` 2021 թուականի մարտի 10-ից Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանն իրաւունքի ուժով համարւում է ազատուած զբաղեցրած պաշտօնից»:
Զօրավար Օնիկ Գասպարեան Ուղերձ Կը Յղէ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնանկութեան յայտարարութենէն ետք Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեան յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, թէ իր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, եւ կատարուածը հակասահմանադրական է, յայտնելով, որ այս առնչութեամբ դիմած է Հայաստանի վարչական դատարան:
Ուղերձին մէջ նշուած է.
«Իմ դիրքորոշումն անփոփոխ է. ինչպէս հրապարակուած յայտարարութիւնը, այնպէս էլ պաշտօնից ազատման ողջ գործընթացը հակասահմանադրական են, ինչը հերթական անգամ հաստատում է, որ առկայ ճգնաժամի հայրենանպաստ լուծումը հնարաւոր է ապահովել բացառապէս հանրապետութեան վարչապետի հրաժարականի եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքում: Հայաստանի Հանրապետութիւնում Սահմանադրութեան եւ իրաւունքի գերակայութիւնն ապահովելու եւ ուժը բացառապէս իրաւունքի հիման վրայ իրացնելու նպատակով դիմել եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական դատարան:
Ես իմ ծառայութիւնը հայրենիքին եւ հայ ժողովրդին շարունակելու եմ այլ կարգավիճակով:
Յարգելի՛ զօրավարներ, սպաներ եւ զինուորներ, զինուած ուժերի բացառիկ առաքելութիւնը հայրենիքի անվտանգութեան ապահովումն է, ուստի յորդորում եմ շարունակել ձեր անձնուրաց եւ ազգանուէր ծառայութիւնը բացառապէս հայրենիքին եւ ժողովրդին` յանուն զինուած ուժերի զարգացման եւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման», նշուեցաւ Գասպարեանի ուղերձին մէջ:
Նշենք նաեւ, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավար կազմը յայտարարեց, թէ կը միանայ Օնիկ Գասպարեանի ուղերձին եւ կը հաստատէ հանրապետութեան մէջ առկայ վիճակին վերաբերեալ մինչ այս տրուած գնահատականները:
Վարչապետը Միջնորդութիւն Ներկայացուց Նախագահին` Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարի Պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը Նշանակելու
Աւելի ուշ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միջնորդութիւն ներկայացուց նախագահ Արմէն Սարգսեանին` զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը նշանակելու:
Հայաստանի նախագահի օգնական Յասմիկ Պետրոսեան յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ստացած է Արտակ Դաւթեանը ընդհանուր հրամանատար նշանակելու վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը` նշելով, որ նախագահը եռօրեայ ժամկէտ ունի որոշում կայացնելու:
Ընդհանուր Հրամանատարի Պարտականութիւնները Ժամանակաւորապէս Յանձնուած Են Զօր. Ստեփան Գալստեանին
Երէկ, 10 մարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական վարչութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հրամանով, Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնը բնականոն կերպով շարունակելու նպատակով, ընդհանուր հրամանատարի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս յանձնուած է ընդհանուր փոխհրամանատար զօր. Ստեփան Գալստեանին:



