Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

March 30, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանային մակարդակի վրայ իրադարձութիւններու զարգացումը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է: Ընդհանուր ուղղուածութիւնը շրջանի երկիրներու ժողովրդավարացման կը հակի: Երեւութական այս ուղղուածութիւնը սակայն խորքին մէջ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման նպատակով իրականացուող քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ կը տեղադրուի: Տեղ-տեղ միջամտելու յստակ որոշումներ, այլ տեղեր լրատուական քաղաքականութեան կիրարկումով թէժ մթնոլորտ ստեղծելու յստակ ճիգեր, ուրիշ երկիրներու պարագային գործող իշխանութիւնները հեռացնելու յորդորներ, իսկ այլոց պարագային ալ բարեկարգումներու ակնկալիքներ: Իւրաքանչիւր երկրի նկատմամբ կը թուի, թէ յատուկ յայտարարողական քաղաքականութիւն կիրարկուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ, առաջնորդութեամբ անշուշտ Միացեալ Նահանգներուն: Այստեղ դեր ունին կատարելիք ՄԱԿ-ը, միւս գերտէրութիւնները, ՕԹԱՆ-ը եւ համապատասխան կառոյցներ:

Փորձենք մօտենալ հայկական գործօնին հետ առնչուող խնդիրներուն: Սուրիոյ տարածքին ծայր առած շարժումները կտրուկ շրջադարձ ունեցան, երբ յատկապէս երէկ, նախագահին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան զանգուածային ալիքը իր տարողութեան տակ նսեմացուց բողոքի ելոյթները: Այստեղ էր փաստօրէն, որ պաշտօնական Անգարան, նախքան զօրակցական ալիքի մակընթացութիւնը, հեգնական շեշտով եւ իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով յոխորտաց, որ վաղուց խորհուրդ տուած է բարեկարգումներու ձեռնարկելու: Ապա, ի տես բողոքի ելոյթներու ալիքի տեղատուութեան եւ անոնց դիմաց ժողովրդային տրամադրութեան աննախընթաց դրսեւորման` այս անգամ իր վարչապետին ճամբով յայտարարելու, թէ Թուրքիան անտարբեր չի կրնար մնալ իր ռազմավարական նոր գործընկերոջ ապրած իրադարձութիւններուն դիմաց: Այս յայտարարութիւնը գրեթէ զուգահեռ էր Սէուտական Արաբիոյ յայտնած զօրակցութեան եւ մանաւանդ պաշտօնական Ուաշինկթընի  կողմէ սուրիական օրինակի առանձնացման` ընդգծելով ուժային միջամտութեան ընտրանքի չգոյութիւնը կամ իշխանափոխութեան բացառումը:

Պաշտօնական Անգարայի ցուցադրած քաղաքական այս աճպարարութիւնը վստահաբար աննկատ չ՛անցնիր: Յիշենք, որ օրին քաղաքական հոգեվարք ապրող Եգիպտոսի իշխանութիւններուն դաս տուող  Անգարան ստացաւ հատու պատասխան մեկնող իշխանութիւններէն:

Անցնինք: Դէպքերը, որոնք կը պատահին, իբրեւ աշխարհագրական տարածք կարեւոր են հայութեան համար: Ա՛յն երկիրներուն մասին կը խօսինք, ուր դասական սփիւռքի հայահոծ գաղութներ կը գործեն եւ որոնք շատ հասկնալիօրէն կը տագնապին ոչ յստակ հեռանկարներու իրականութեան դիմաց: Միջին Արեւելքի գաղութները կարեւոր են հաւասարապէս թէ՛ սփիւռքին եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Ճիշդ է, որ իրադրութիւնները սերտօրէն կապ ունին աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ արձանագրուող գործընթացներու հետ, այսուհանդերձ այս բոլորին հայկական անուղղակի առնչութիւնները պէտք է քննարկել: Աւելի ճիշդ բանաձեւումով, այս բոլորին ազդեցութիւնները հայկական համայնքներուն վրայ իր զանազան հաւանական հետեւանքներով պէտք է լուսարձակի տակ բերել: Հեռու` խուճապային տրամադրութիւններէ, հարցերը պէտք է քննարկել շրջանի մակարդակով ցանցային համախմբումով եւ այդ տրամաբանութեամբ: Խնդիրներն ու երեւոյթները եւ տակաւ զարգացող իրադրութիւնները փոխկապակցուած են  եւ անոնց պատճառահետեւանքային տրամաբանութեամբ քննարկումները կրնան լոյս սփռել իրադրութիւններու յառաջիկայ ուղղուածութիւններուն վրայ:

Ստեղծուած ճգնաժամերը տեղայնական խնդիրներ չեն անշուշտ: Հայկական առումով անոնց հաւանական ազդեցութիւններու քննարկումները եւս տեղայնական չեն կրնար ըլլալ: Իսկ այստեղ արդէն մասնակցութիւն պէտք է ունենայ նաեւ հայկական պետական գործօնը:

Նախորդը

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՇՈՒԻ ՆՍՏԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԵԹ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.