Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաբուխները Կը Ժայթքին

Մարտ 6, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Փետրուար ամսուն մենք ականատես եղանք իտալական Սիսիլիա կղզիին վրայ գտնուող Էթնա հրաբուխին ժայթքումին, երկուշաբթի, 22 փետրուարին ան սկսաւ ցնցուելու եւ յաջորդ օրը ժայթքեցաւ: Ան այնքան զօրաւոր կերպով սկսաւ արձակել լաւան, որ երբեմն մինչեւ 1000 մեթր դէպի երկինք բարձրացաւ, մինչ մոխիրի փոշին բարձրացաւ մինչեւ 10 քմ: Բարեբախտաբար հրաբուխէն հոսող լաւան իջաւ դէպի անբնակ վայրեր: Սակայն գիտնականները շատ մօտէն կը հետեւին Էթնային գործունէութեան եւ պատրաստ են միջամտելու նուազագոյն վտանգի պարագային:

***

Քանի մը օր առաջ Ինտոնեզիոյ Սերափի հրաբուխն է, որ ժայթքած էր եւ պարպած իր բացող լաւան: Սակայն ուրկէ՞ կու գայ այս երեւոյթը:

Սերափի հրաբուխը կը գտնուի հարաւարեւելեան Ասիոյ, Ինտոնեզիոյ կղզիներէն Ժավայի վրայ. ան աշխարհի ամէնէն գործօն հրաբուխներէն մէկն է եւ կանոնաւոր կերպով կը ժայթքի: Փետրուար ամսուան ժայթքումին երկու օրուան ընթացքին մօտաւորապէս քսան անգամ լաւա դուրս թափեց եւ յառաջացուց թեթեւ երկրաշարժներ:

Պատասխանատուները մտահոգ չէին. սակայն զգուշութեան օրէնքները կը շարունակուէին: Բնակիչները իրաւունք չունէին հրաբուխին մօտենալու նուազ քան 5 քմ: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել նման երեւոյթ մը: Ինչո՞ւ կարգ մը հրաբուխներ կը ժայթքին, իսկ ուրիշներ լուռ կը մնան: Ինչպէ՞ս կազմուած են անոնք:

***

Հրաբուխներուն ծագումը

Այս եռացող լաւային պատճառը հասկնալու համար պէտք է մենք ուսումնասիրենք հրաբուխին ծագումը:

Մեր մոլորակը կազմուած է տարբեր թեքթոնիք կոչուած ցամաքի մեծ բաժիններէ` մեծ փազըլի խաղի մը նման. այս կտորները իրարու մէջ անցնելով, կը կազմեն ցամաքամասերը: Սակայն այս թեքթոնիք կտորները հաստատուն չեն, անոնք շատ, շատ դանդաղօրէն կը շարժին, եւ երբեմն իրարու կը զարնուին: Այս պարագային կը կազմուին կա՛մ լեռներ, կա՛մ ալ հրաբուխներ:

Երկրագունդին խորերը, կեդրոնին մօտ, օդը բացառիկ տաք է` 1300-5000 աստիճան: Այս սաստիկ տաքութիւնը կը հալեցնէ մոլորակին ժայռերէն մասեր, որոնք մակմայի կը վերածուին:

Երբ թեքթոնիք կտորները կը շարժին, կը պատահի, որ մակման դէպի մակերես բարձրանայ լաւայի ձեւի տակ եւ հրաբուխ մը յառաջացնէ: Այս երեւոյթը ձեւ մըն է երկրագունդին համար հաւասարակշռելու իր ջերմաստիճանը` այս աւելորդ տաքութիւնը պարպելով:

Կարգ մը հրաբուխներ պարզ ճեղքեր են գետնին մէջ: Իսկ ուրիշներ կը նմանին կոնաձեւ լեռներու, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին լաւան կը հաւաքուի հրաբխաբերանին շուրջ: Կարելի է նաեւ հրաբուխներ գտնել ջուրին մէջ:

Լաւայի տպաւորիչ ժայթքումներ

Ժայթքող հրաբուխ մը տպաւորիչ տեսարան մը կրնայ պարզել, սակայն նախընտրելի է այս տեսարանը դիտել հեռուէն: Հրաբխաբերաններ դուրս կը թափեն կազեր, փոշի եւ եռացած լաւա:

Կարգ մը հրաբուխներ կը թափեն շաղ հեղուկ լաւա մը, որ անոնց լանջերէն վար կը հոսին: Մինչ ուրիշներ կը յառաջացնեն փոքրիկ պայթումներ եւ կը թափեն մոխիր, շատ տաք լաւայի գունդեր եւ աւելի հեղուկ լաւայի հոսքեր:

Վերջապէս, կան հրաբուխներ, որոնք շատ զօրաւոր պայթումներ կը յառաջացնեն եւ կը թափեն լաւայէ ժայռի կտորներ, բազմաթիւ թոներ կշռող լաւայի գունդեր կամ մոխիրի հսկայական ամպեր…

Ամէնէն վտանգաւոր հրաբուխներն են անոնք, որոնք կ՛արձակեն կազեր, շոգիի այրող ամպեր եւ ժայռեր, որոնք մեծ արագութեամբ կը գլորուին հրաբուխին լանջերէն վար եւ իրենց ճամբուն վրայ եղող ամէն ինչ կը քանդեն:

Սակայն ինչպէ՞ս այս մակման կը բարձրանայ մակերես` հրաբուխէն դուրս ելլելու լաւայի կերպարանքի տակ: Դարձեալ պատճառը թեքթոնիք կտորներուն շարժումն է:

Մարած հրաբուխներ

Բոլոր հրաբուխները գործօն չեն Սերափին եւ Էթնային նման: Կարգ մը հրաբուխներ «քնացած» են. ասիկա կը նշանակէ, թէ անոնք չեն ժայթքիր, սակայն կրնայ տակաւին պատահիլ, որ ժայթքին: Մինչ ուրիշներ վերջնականապէս «մարած» են:

Երբ հրաբուխ մը ժայթքում չէ ունեցած նուազագոյնը 10 հազար տարիներ եւ, ըստ մասնագէտներուն, վտանգ չկայ, որ ան դարձեալ ժայթքի յաջորդող 10 հազար տարիներուն ընթացքին, կ՛ըսուի, թէ ան «մարած» է: Ասիկա կը պատահի, երբ ժամանակի ընթացքին, այն ճեղքերը, որոնց ընդմէջէն մակման մակերես կը բարձրանայ, մէկ մէկ կը գոցուին: Հրաբուխին խորերը մակման դանդաղօրէն կը պաղի եւ հրաբուխը կը մարի:

Փայտէ՞ Արբանեակներ

Ճափոնի Քիոթօ համալսարանէն գիտնականներ յայտարարած են, թէ անոնք կ՛աշխատին… փայտէ արբանեակի մը շինութեան վրայ: Անոնց նպատակն է նուազեցնել երկրագունդի ապականման վտանգները:

Արբանեակները մեքենաներ են, որոնք կը ղրկուին դէպի անջրպետ` դառնալու համար մոլորակին շուրջ: Անոնք կը ծառայեն հաղորդակցութիւններու կապեր պահելու, երկինքը ուսումնասիրելու, օդերեւութաբանական նախատեսութիւններ կատարելու եւ այլն: Սակայն, երբ անոնց պաշտօնը կը վերջանայ, անոնք կ՛իյնան, եւ երբ մեր մթնոլորտին մէջ կը մտնեն, անոնք կ՛այրին եւ ապականող մասնիկներ կ՛արտադրեն:

Ըստ ճափոնցի գիտնականներուն, փայտէ մեքենաներով նուազ ապականող աղտոտութիւններ գոյութիւն պիտի ունենան: Ճափոնցիները կը յուսան իրենց արբանեակը անջրպետ ուղարկել 2023-ին: Սակայն նախ անոնք պէտք է գտնեն ամէնէն յարմար փայտը, որ պիտի կարենայ ամէնէն աւելի տոկալ անջրպետին մէջ ճամբորդութեան մը:

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անասունի յարմար ուտելիքը:
Քանի՞ ձուկ կը տեսնես պատկերին մէջ:
Ներկէ` հետեւելով թիւերուն:
1 – Կանաչ, 2 – կարմիր, 3 – կապոյտ, 4 – դեղին, 5 – մանիշակագոյն, 6 – նարնջագոյն:
Նախորդը

Վազգէն Մանուկեանի Կոչը` Լեւոն Արոնեանին

Յաջորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?