Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ (Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով)

January 28, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան 20-ամեակի տօնակատարութիւններուն շքեղագոյնը հայոց բանակի շքերթն էր, որ իր ստեղծած զգացականութեան անմիջական ալիքէն զատ յստակ պատգամներ ունէր ուղղուած մեր երկիրը շրջապատած ու շրջափակած թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանին:

Մեր հանրապետութիւնը շրջափակած շրջանային ուժ Թուրքիան եւ իր ռազմական պիւտճէն անընդհատ ուռճացնող Ազրպէյճանը ստացան անհրաժեշտ պատգամները, երբ Երեւանի հրապարակին վրայ ցուցադրուեցան հայկական զինուժը, ռազմարդիւնաբերութեան նորագոյն արտադրութիւնները, ընդհուպ մինչեւ անօդաչու սարքերու հայկական արտադրութեան տարբերակները:

Թշնամական վերաբերումներով շրջափակուած, դիւանագիտական խզումներով յատկանշուած «հարեւան պետութիւններ»-ու անմիջական սպառնալիքներուն տակ, անդադար խախտուող զինադադարի դէպքերուն դիմաց եւ անաւարտ պատերազմի կարգավիճակին մէջ գտնուող մեր երկրի բանակին դերն ու նշանակութիւնը բազմակի իմաստ կ՛ունենան: Ֆիզիքական առումով գոյութեան պահպանման խնդիրը ֆիզիքական հասկացողութեամբ մնայուն սթափ ու ահազանգային վիճակի մէջ գտնուելու շեշտակի մարտահրաւէր կը պարտադրէ հայոց բանակին. մնայունօրէն:

Հայրենիքի պաշտպանութեան առաջադրանքը համայն հայութեան առաջնային օրակարգն է: Հայրենական խնդիրներուն իրազեկ դառնալը, հայրենիքին վերաբերող տարբեր ոլորտի աշխատանքներուն մասնակից դառնալը, որոշումներու կայացման գործընթացներուն բոլոր հայերուն ներգրաւուածութիւնը ապահովելը եթէ իրաւունքներ են, ապա նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մասնակցութիւնը եւս իրաւունք է ու պարտականութիւն միաժամանակ:  Հարցը պէտք չէ կապել անշուշտ քաղաքացիութեան ձեռք բերման հետ: Ազգային պատկանելիութիւնը հիմնական շարժառիթն է (նման կարեւոր եւ այս պայմաններուն մէջ օրհասական նկատուող նոյնիսկ) աշխատանքի մասնակցութեան:

Գիտակցական բաժինն ու արեան կանչի իրականութիւնը իր հերթին, այսուհանդերձ ժամանակակից դրութեամբ հաստատութիւնները գրաւիչ դարձնելու խնդիր գոյութիւն ունի, որ կապուած է տուեալ հաստատութեան, այս պարագային բանակին հեղինակութեան, վարկին, մարտունակութեան եւ կազմակերպուածութեան հետ: Ահա թէ ինչու առաջնակարգ կարեւորութիւն կը ստանան հայ զինուորին բարոյահոգեբանական վիճակի նկատմամբ բանակի պատասխանատուներուն կողմէ ցուցաբերուելիք նախանձախնդրութիւնը, մարտունակ ոգիի պահպանման համար համապատասխան մասնագիտական  միջոցներու կիրարկումը, հայ զինուորին արժանապատուութիւնը բարձր պահելու սկզբունքային մօտեցումի ցուցական դրսեւորումները. ու տակաւին` բանակի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ արձանագրուող միջադէպերուն բացայայտումը, նման արարքներու պատասխանատուներուն պատժելիութեան ապահովումը, օրէնքի գերակայութեամբ անաչառութեան եւ արդարութեան մթնոլորտի տարածումը:

Այս առաջադրանքներու իրականացման ուղղութեամբ շարժիլը, հաւաստիութիւն, վստահելիութիւն եւ արդարութիւն ցուցաբերելը, զինուժի կատարելագործման առընթեր կը յաջողին հայոց բանակը պահել շրջանին մէջ ամէնէն մարտունակը եւ անգերազանցելին, ինչպէս կը վկայեն օտար ռազմագէտները:

Հայոց բանակը մէկ կարեւոր փորձաքարի առջեւ է նաեւ այս օրերուն. մեր երկրի ընտրակարգի խոցելի կէտերէն մէկը եւս բանակայիններու համախումբ, միանշանակ եւ զանգուածային քուէարկելու եղանակն է: Կը թուի, որ բոլոր կողմերը համոզուած են, որ համապետական շահերէն կը բխի արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններ կազմակերպելը մեր երկրին մէջ. Հայաստանի ընտրակարգի տակաւ կատարելագործման առաջադրանքներու իրականացման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր է այս երեւոյթի բարեփոխումը: Բանակայիններն ու իրենց ընտանիքները պիտի զգան անպայման, որ ընտրութիւններու ընթացքին ազատ են իրենց դիրքորոշումներուն մէջ եւ որեւէ ձեւով զինուորական կարգապահութեան ուղղահայեաց դրուածքով պատուէր կատարելու կարգավիճակին մէջ չեն գտնուիր այս պարագային:

Եթէ իրօք, կ՛ուզենք որակական յեղափոխութիւն ապահովել մեր ընտրակարգին մէջ, այս երեւոյթը բարեփոխելու ուղղութեամբ աշխատանքը անյետաձգելի է: Հայոց բանակը համահայկական ուշադրութեան արժանի հաստատութիւն է: Մեր լինելութիւնը պահպանող հիմնական ու անփոխարինելի կռուանն է: Մեր գոյութիւնն է, մեր անունն է: Ընտրութիւններուն ալ իր պահուածքով, հայոց բանակը իր մասնակցութեան եղանակով կրնայ մեծ առիթ մը օգտագործել ծառայելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան համապետական շահերուն:

Նախորդը

«ԴՐՕՇԱԿ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԱՏ ՇՈՒԿԱՅ

Յաջորդը

ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՊԱՊՈՅԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՔԻԹԻ, ԿՈԿՈՐԴԻ ԵՒ ԱԿԱՆՋԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.