Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոսի Հաւատարիմ Ծառան Եւ Բազմավաստակ Հոգեւորականը

Փետրուար 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
(Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի քաղցր յիշատակին)

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ.
դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար,
քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ.
մտի՛ր քու Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»

(Մատթէոս 25:21)

Քրիստոնէական հաւատքի ու վարդապետութեան հիմը կը կազմէ ծառայութիւնը: Մեր հաւատքի վէմ` Աստուածաշունչի ճամբով Աստուած մարդուն կոչ ուղղեց ծառայելու իր նմանին, կարօտեալին, տնանկին, հիւանդին` Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելելու համար: Բացարձակ իրականութիւն է, որ երբ ծառայութիւնը գնահատանք ստանալու միտումով կը կատարուի, արդէն իր գլխաւոր նպատակէն շեղած կ՛ըլլայ: Ի զուր չէ, որ Պօղոս առաքեալ կը խրատէ հաւատացեալները եւ կ՛ըսէ. «Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է, որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ` այսինքն Քրիստոսին է, որ կը ծառայէք» (Կող. 3:24): Աստուածաշունչի Հին կտակարանին մէջ Աստուծոյ առաջին ծառան դարձաւ Աբրահամ նահապետը, որուն հաւատքով լեցուն կեանքը մղեց եբրայեցի ժողովուրդը` դառնալու ուխտի ժողովուրդ: Իսկ Նոր կտակարանին մէջ Աստուածորդին` իբրեւ Աստուծոյ ու մարդոց ծառայ, ապրեցաւ իր կեանքը եւ իր ուսուցումներուն, հրաշքներուն ու առակներուն ճամբով շեշտեց անսակարկ ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը:

Որքա՜ն հաւատքի վերազարթնումի առիթ է ու ոգեշնչող, երբ քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ կը հանդիպինք տիպարներու, որոնք հաւատքի ու ծառայութեան լուռ ու անուղղակի պատգամ են մեզի` քրիստոնեաներուս: Եւ ահա քառասուն օրեր առաջ Աստուծոյ եւ ժողովուրդին անսակարկ ծառայութեան նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմավաստակ հոգեւորական, Աստուծոյ հաւատարիմ զինուոր, մարդասէր ու երաժշտահան, երիտասարդութեան մէջ ծառայութեան մղիչ ուժ հանդիսացող Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի կեանքի լոյսը շիջեցաւ վաղաժամ կերպով եւ խոր սուգի մատնեց սփիւռքի սիրտը նկատուող Լիբանանը, Իրանը մինչեւ հեռաւոր Քանատան:

Եթէ պահ մը ակնարկ նետենք սրբազան հօր ծառայական կեանքին, ապա հոն պիտի տեսնենք շատ մը արժանիքներ, որոնք Մեղրիկ սրբազանը կրցաւ դրոշմել մարդոց հոգիներուն մէջ, ինչպէս` Աստուծոյ ուրախութիւնը մարդոց սրտերուն մէջ, Աստուծոյ ընդառաջ մեկնելու խանդավառութիւնը մարդոց կեանքին մէջ եւ, ամէնէն կարեւորը,  Աստուծոյ տան ծառայելու նախանձախնդրութիւնը:

Արդարեւ, սրբազան հօր վաստակը մեծ է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի, «Շնորհալի» երգչախումբի, Քանատայի հայոց թեմին երկար տարիներու հովուական ծառայութեան, Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին մէջ: Մեղրիկ սրբազանը միայն ուսուցանող չեղաւ, այլ հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ գործնապէս ծառայեց Աստուծոյ, Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:

Այս յօդուածովս կ՛ուզեմ անդրադառնալ սրբազան հօր վերջին տարիներուն Լիբանանի գաղութին իր անսակարկ ծառայութեան մասին: Քանատայի թեմին հովուական ծառայութենէն վերադարձին, Մեղրիկ սրբազան, երբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական բաժանմունքը ստանձնեց, շուտով իր շուրջ համախմբեց երիտասարդներ, որոնց հետ միատեղ սրբազան հայրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ,  լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր կեանքին վերազարթօնքին համար բազմատեսակ, դաստիարակիչ, քրիստոնէական հաւատքի խայծ հանդիսացող բազմաթիւ ծրագիրներ նախաձեռնեց եւ կրցաւ իրագործել, ինչպէս` Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Անթիլիասէն Պիքֆայա ուխտերթութիւն, Անթիլիասի մէջ Նոր տարուան ծառի լուսաւորում` կենդանի մսուրի ներկայացումով, մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբի կազմութիւն, Ս. Գրոց ճամբար` պատանիներուն յատուկ հոգեւոր դաստիարակութեան կազմաւորման եւ աճման: Ասոնք հաւատքի ուռճացման խայծ հանդիսացան լիբանանահայութեան հոգեւոր կեանքին մէջ: Այս բոլոր նախաձեռնութեանց մէջ անուրանալի է սրբազան հօր խանդը, կորովը, յանձնառութիւնը եւ ամէնէն կարեւորը մարդոց դէպի Աստուած առաջնորդելու իր կոչման նուիրուածութիւնն ու հաստատակամութիւնը:

Իսկ Մեղրիկ սրբազանին մատուցած ս. պատարագներն ու ոգեշնչող քարոզները այլ կերպի դրոշմ ձգած են հաւատացեալներու կեանքին մէջ, որովհետեւ ան միայն չքարոզեց, այլ իր օրինակով ապրեցաւ ծառայական կեանքը` անտեսելով նախանձն ու հալածանքը, անարդարութիւնն ու բամբասանքը, որովհետեւ ան երկիւղածութեամբ միշտ նայեցաւ հաւատքի եւ ծառայութեան առաջնորդին` Քրիստոսին:

Սրբազան հայրը նաեւ հարստացուց հայ մշակոյթի եւ հոգեւոր երաժշտութեան գանձարանը: Իր ստեղծագործական կեանքին մէջ ան աւելի քան տասը գիրքեր հրատարակեց, ինչպէս` «Հովիւին ծաղկեալ գաւազանին հետքերով», «Կիլիկիայէն… Անթիլիաս, Ամայութենէ… Առաքելութիւն, Որբանոցէ… Դպրանոց», «Սրբալոյս միւռոն», «Սուրբերուն մտերմութեան մէջ», «Մա՞հ, թէ կեա՛նք» եւ այլն: Սրբազանը հմուտ երաժշտահան էր նաեւ: Իր երաժշտական գործերէն են` «Անձինք նուիրեալք», «Դաշնաւորեալ շարականներ», ս. պատարագի «Գոհութիւն» շարականի բազմաձայն մշակում: Ան խմբագրած է նաեւ շարք մը գիրքեր, որոնցմէ կարելի է յիշել` «Աղօթքի ցօղեր»,  «Երախտամատեան կարօտի ծաղկեփունջ»` նուիրուած հոգելոյս Զարեհ եպս. Ազնաւորեանին, «Հայ մարդուն հոգեւոր երգարան»-ը: Իբրեւ աւանդ` Մեղրիկ սրբազանը պատրաստած է նաեւ խտասալիկներ եւ տեսերիզներ, ինչպէս` Զարեհ եպիսկոպոսի «Երգեցէք միշտ մանուկներ» նոթագրեալ գիրքը, «Ս. պատարագ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ», «Ծննդեան հոգին», «Հայ մանուկի տարի»:

Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբակենցաղ եւ դարձեալ բազմավաստակ հոգեւորական հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւորեանի ունեցած դրոշմը Մեղրիկ սրբազանին կեանքին մէջ, որով, վերջինիս իսկ վկայութեամբ, Զարեհ սրբազանը պիտի ձեռնադրէր զինք այն պայմանով, որ հայր Մեղրիկը (աւազանի անունով Կարօ Բարիքեան) մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարմութեամբ պիտի ծառայէր Աստուծոյ եւ Հայ եկեղեցւոյ:

Արդ, այսպիսի տաղանդաւոր եւ հարուստ ժառանգ ձգած Մեղրիկ սրբազանին վաղահաս կորուստը անդառնալի է: Այո՛, Աստուծոյ կողմէ իրեն սահմանուած մարդկային կեանքի հաշուըուած օրերը արժեւորեց ծառայութեամբ, ստեղծագործութեամբ եւ իբրեւ կտակ ձգեց մեզի: Սակայն մենք` իբրեւ հողեղէն արարածներ, կը ցանկանք, որ այս տիպարները երկարակեաց ըլլան, որպէսզի սերունդներ ներշնչուին անոնց ներկայութեամբ:

Մեղրիկ սրբազանին կեանքի օրինակը ծառայութեան պատգամ մըն էր կարծէք մեզի` ապրողներուս եւ յաջորդող սերունդներուն: 2016 թուականին, երբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ծառայութեան տարի» հռչակեց, իր կոնդակին մէջ հետեւեալ կերպով ընդգծած է ծառայութեան կարեւորութիւնը. «Մարդու կեանքը ծառայութեամբ միայն կ՛իմաստաւորուի ու կը հարստանայ: Ուրիշին համար իրենց ունեցածէն բաժին հանած ու իրենց կեանքն իսկ ընծայաբերած անձերը ապրած են գերեզմանէն անդին: Պատմութիւնը միշտ յարգանքով պիտի յիշէ ո՛չ թէ մեր ունեցածը, այլ` մեր տուածը, ո՛չ թէ մեր գեղեցիկ խօսքերը, այլ` բարի գործերը…»:

Իբրեւ քրիստոնեաներ` յարութեան հաւատացող ժողովուրդ ենք: Մեղրիկ սրբազանը չմահացաւ, այլ վերապրեցաւ եւ պիտի վերապրի իր ծառայական կեանքով ու հարուստ ժառանգութեամբ:

Յարգա՛նք` քու մեծ վաստակիդ, սիրելի՛ սրբազան հայր:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

 

Նախորդը

Սրինգ Մըն Ալ Լռեց (Վախճանեալ` Մեղրիկ Եպիսկոպոսի Յիշատակին)

Յաջորդը

«Փորձենք Մտածել . Նոյեմբեր 9-էն Առաջ Եւ Ետք»

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?