Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրինգ Մըն Ալ Լռեց (Վախճանեալ` Մեղրիկ Եպիսկոպոսի Յիշատակին)

Փետրուար 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երբ բարիք կ՛ակնկալէի` չարիք հասաւ.
Երբ լոյսին կը սպասէի` մութը եկաւ:
…

Տառապանքի օրերը իմ առջեւս եկան:
…Քնարս սուգի փոխուեցաւ,
Եւ սրինգս լալկաններու ձայնի»:

(Յոբ 30.26 – 27, 31)

Օր մը հեռաձայնեց, հազիւ պատասխանած` ըսաւ.

«Տղա՛ս, բան մը կը գրե՞ս, բան մը կը կարդա՞ս…»:

Կատակով ըսի. «Սրբազա՛ն, նախ` Աստուած օգնական…»: Չձգեց շարունակեմ եւ աւելցուց. «Հո՛ս նայէ, հիմա կը նստիս Նարեկացիի «ՀԶ»-ան արաբերէնի կը թարգմանես: Մէկ ժամ ունիս, եթէ մէկ ժամէն թարգմանութիւնը «Ուաթսափիս» ղրկած չըլլաս` վա՜յ եկեր է քեզի… հեռաձայնիս մէջէն անունդ, որ «չորրորդս» է, պիտի փոխեմ` Թաթուլի», եւ հեռախօսը անջատեց:

Կրնայի՞ մերժել… Սկսայ աշխատանքի. մէկ ժամ հազիւ անցած ուղարկեցի թարգմանութիւնը: Վայրկեաններ անց, կրկին զանգեց ու ըսաւ. «Ապրի՛ս, անունդ նոյնը պիտի ձգեմ… հոս մտիկ ըրէ` կը նստիս վեհափառին բոլոր գործերը արաբերէնի կը թարգմանես, անոնք գանձ են, ես կը տպեմ, միայն աշխատիր, հասկցա՞ր»:

Այդ խօսակցութենէն ետք քանիցս զանգեց միայն գիտնալու, թէ ի՛նչ ընթացքի մէջ են թարգմանութիւնները: Հաճոյքով գործի գլուխ անցած էի… կը խոստանամ շարունակել այն, ինչ որ վստահած էր ինծի:

* * *

Ճոխութեամբ լեցուն կեանքի մը սրինգն է, որ լռեց: Իր կեանքի համերգին վերջին նուագը դառն լեղիով հրամցուած վախճանման բօթն է, որ տարածուեցաւ կայծակի արագութեամբ` վիշտ ու ցաւ սփռելով սրտերուն ու հոգիներուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած էին սրբազանը…

Տխուր ենք բոլորս…

Տխուր ենք, որովհետեւ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ անզուգական մեծութիւններէն մին, առանց ազդանշանի, անվերադարձ մեկնեցաւ:

Տխուր ենք, որովհետեւ ամրակուռ հաւատքի ջահերէն մին շիջեցաւ, ու իր շիջումով այլայլեց հոգիներ բազմահազար:

Տխուր` որովհետեւ հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հսկաներէն մին փակեց իր աչքերը ժամանակաւորին մէջ` բանալու զայն անժամանակին մէջ:

Յուզմունքը կը կրծէ մեր հոգիները, որովհետեւ Քրիստոսի հաւատքով վահանաւորուած առոյգ սիրտ մը կասեցուց իր տրոփները:

Մեծ է վիշտը:

Այո՛, վիշտը մեծ է, սակայն մեզ մխիթարողը ոչ միայն իր թողած քաղցր յիշատակներն են, այլ նաեւ` իր աննիւթ ներկայութիւնն է, իր օրհնութիւնն է, զոր բաշխեց բոլորին առատօրէն:

Արդարեւ, ինչպէս Յովհաննէս Ոսկեբերան հայրապետ կ՛ըսէ. Սրբազանը իր կեանքով ու մանաւանդ գործով`

«Աղքատներուն մխիթարութիւն եղաւ,
Մեծամիտներուն` սանձ,
Չարութեանց` յաղթանակ,
Անյոյսներուն` յոյս,
Որբերուն` հայր,
Արդարներուն` խորհրդակից»:

* * *

Սրբազան հօր այս փունջ մը ճշմարտութիւնները, զորս գրած էր իր հոգեւոր հօր` երջ. Զարեհ սրբազանի դամբանականին առիթով, որքան հարազատ են ու յարիր նաեւ իր նկարագիրին ու շաղուածքին. ստորեւ կը մէջբերեմ` անուններու փոխանակումով.

«Քանի՜ քանի՜ խոպան հոգիներ հերկեց ու ծաղկեցուց:

Քանի՜ քանի՜ անմշակ հոգեւոր անդաստաններ գեղեցկացուց եւ յայտնաբերեց Աստուծոյ շունչը անոնց մէջ:

Քանի՜ քանի՜ ծարաւի սիրտեր առաջնորդեց դէպի աղբիւրը յաւիտենական լոյսին:

Քանի՜ քանի՜ աւերակ միտքեր կրկին կանգնեց աւելի՛ ուժեղ ժայռի վրայ հաստատելով զանոնք:

Քանի՜ քանի՜ մոխրացած կեանքեր ճշմարիտ կեանքին առաջնորդեց:

Քանի՜ քանի՜ անյոյս սրտեր մխիթարեց:

Քանի՜ քանի՜ շուարած քայլեր ուղղեց:

Քանի՜ քանի՜ մոլորած ոչխարներ կրկին իրենց հօտին վերադարձուց:

Եւ այս բոլորը իրեն դիմեցին, որովհետեւ ուրիշ էր իր սիրտը, աննման էր հոգին, անզուգական էր միտքը, մեծ ու զարմանալի էր Ինք` ՄԱՐԴ-ը` Մարդուն մէջ:

Ու տակաւին շատեր պիտի մեծնային իրմով, գեղեցկանային եւ ճառագայթէին Իր լոյսով ու շունչով, եթէ Աստուած չկանչէր զինք իր կամքին կատարման համար:

Երանի՜ անոնց, որոնք տեսան Մեղրիկ սրբազանը ու վայելեցին անոր հրեշտականման գուրգուրանքն ու քերովբէական սէրը»:

* * *

Սրբազա՛ն, գիտեմ յոգնած էիր, բայց երբեք` յուսահատ, բնաւ չկորսնցուցիր զուարթ ու եռանդուն հոգիդ, որ կեանք ու խնդութիւն կը պատճառէր բոլորիս:

Աչքերս կը փակեմ, ակամայ արցունքներս կը խեղդեն կոկորդս. կու լամ` կրկին քեզ չտեսնելու, ձայնդ չլսելու իրականութեան դէմ յանդիման կանգնելու պարտադրուած ըլլալուս համար:

Գիտե՞ս չէ, որ ամէն գիշեր, շատ յստակ կերպով սրտիդ խորհուրդները կը լսեմ, որովհետեւ վստահեցուցած էիր զիս նախքան Պարսկաստան մեկնիլդ, թէ` «մտերիմներու կապը հոգեկան է…»: Ա՜խ սրբազան, որքան պարապութիւն ձգեցիր…:

Գիտէիր, որ օրերդ երկար չեն: Յաճախ կը կրկնէիր այդ մէկը, եւ օր մը, երբ սենեակդ նստած կը խօսէինք եւ նախասիրած հէլով սուրճդ կը խմէինք, դարձեալ ըսիր. «Տղա՛ս, վաղը երբ մեռնիմ…»: Չեմ գիտեր ինչո՛ւ այդ օր, յաճախ կրկնած նախադասութիւնդ սրտիս լարերը խայթեց, ու սկսայ լալ: Տեսա՛յ. քու ալ աչքերդ լեցուեցան… ելար, գիրկդ առիր գլուխս, սրբեցիր արցունքներս ու ըսիր. «Ի՞նչ տեսակ տղամարդ ես. մի՛ լար»: Արդեօք կը նախապատրաստէիր մեր սրտերը դիմանալու այս սարսափելի ու մեծ ցասումին… Մեղա՜յ քեզ տէր… «Խորհուրդ մարդկանց, կամք` Աստուծոյ»:

Երբ իմացայ, որ յաւիտենական հանգիստդ գտար, ի Տէր ննջումովդ, ուսերս թուլցան, ոտքերս կթոտեցան, հոգիս խռովեցաւ, տրամադրութիւնս մթագնեցաւ ու քանդուեցաւ:

Սրբազա՛ն, սրինգիդ լռութեամբ բոլորին հոգիներուն մէջ հոգեւոր զարթօնքի աղմուկ բարձրացուցիր:

Որքա՜ն սիրեցիր աղօթքը եւ աղօթքիդ հետ միաձուլուած դարձար հաւատքի լաւա ու ընդմիշտ, առանց պարպուելու ժայթքեցիր հաւատքի կրակով` մկրտելով քեզ շրջապատողները:

Սրբազա՛ն, փափուկ սիրտդ որքա՜ն ցաւեցաւ կեանքի մրրկալից ալիքներէն: Երբեք չընկրկեցար…

Հազար ափսո՜ս, որ այսքան շուտ ուզեցիր հեռանալ կեանքէն:

Գիտեմ չդիմացար ննջած սիրելիներուդ կարօտին…

Տառապանքի լեղին եղաւ բաժինը կեանքի բաժակիդ, նախ եղբօրդ հեռացումով, որուն ցաւի փայլքը սառած էր միշտ աչքերուդ մէջ:

Այդ լեղին աւելի դառնացաւ քրոջդ` Շողիկին ննջումով, որուն այնքա՜ն կապուած էիր:

Ամիսներ անց` կեանքէն հեռացաւ հպարտութիւնդ` տիրահայրը, որուն աղքատութիւնն ու աշխատասիրութիւնը հպարտութեամբ կը յիշէիր:

Իսկ տիրամայրը` աչքիդ լոյսը, երբ աչքերը առյաւէտ փակեց… մարմնացած ցաւը տեսայ մէջդ, ատկէ յետոյ աղօթքդ ցաւոտ էր. ժպիտդ ցաւոտ, ձայնդ ցաւոտ… եւ այնքան վարպետ էիր ցաւերդ քողարկելուն մէջ, որ միայն քեզի հարազատ մարդիկ կրցան տեսնել մորմոքը վիշտերուդ:

Շատ չանցած դաժան մահը, որ կարծես հակառակած էր հաւատքիդ հետ, խլեց ամէնէն հարազատներէդ` Արմէնը… Ա՜խ Արմէնը որքան կը սիրէր քեզ, եւ որքան ալ դուն կը սիրէիր զինք: Թռչունի սիրտդ չդիմացաւ այս բոլոր կուտակուած ու լեռացած ցաւերուն… Պայթեցա՜ւ… երանի սիրտս ըլլար պայթածը. դուն տակաւին ճամբայ ունէիր կտրելիք… շատեր որբացուցիր…: Չէի գիտեր, որ քեզի համար էր Աստուածաշունչին սա համարը. «Առոյգ էի եւ գեղեցիկ եւ արարէր զիս այր Ցաւոց»:

Սիրելի՛ս, կ՛ուզեմ դարձեալ փաթթուիլ քեզի: Համբուրել միւռոնաօծ ձեռքերդ…

Օրերը պիտի սահին, երթան: Չեմ կարծեր, թէ պիտի կարենամ հաշտուիլ բացակայութեանդ ճշմարտութեան հետ:

Ա՜խ, սրբազա՛ն, չորրորդդ տակաւին որքան քու կարիքդ ունէր:

Հակամարտութեան մէջ են միտքս ու հոգիս. սիրտս ճմլուած է կորուստովդ, իսկ միտքս պայծառ կերպով կ՛ըմբռնէ, թէ այժմ Նոր Երուսաղէմի բնակիչ դարձած Երանելի ես արդէն:

Հանգչեցա՞ր, մուրազիդ հասա՞ր:

Գրկեցի՞ր Գառնուկ Քրիստոսը, որուն տեսլականով գրկեցիր քեզ շրջապատողները:

Դեռ կ՛ուզեմ լալ, որովհետեւ սիրտս ցաւով լեցուն է:

Կ՛ուզեմ լալ, որովհետեւ չկաս:

Կ՛ուզեմ լալ, որովհետեւ չկան գօտեպնդիչ խրատներդ:

Կ՛ուզեմ լալ, որովհետեւ չկան կատակներդ:

Կ՛ուզեմ լալ, որովհետեւ ներկայ չես մեր մէջ:

Կ՛ուզեմ լալ, ……:

Չկայ ժպիտդ:

Չկայ ձայնդ:

Չկաս դո՛ւն:

Բայց կը մխիթարեմ ինքզինքս, որովհետեւ` հիմա, վստահ եմ, որ խաղաղ ես: Վստահ եմ, որ գտար յաւիտենական հանգիստդ: Վստահ եմ, որ միացար սիրելիներուդ փաղանգին:

Կամքիդ իրականացումն է, որ կը մխիթարէ, որ պիտի մխիթարէ զիս:

Երթդ ըլլայ բարի՛:

Հիմա, որ Երկնային ես, բարեխօսէ՛ երկրաւորներուս համար:

Շուտով հանդիպելու յոյսով`
Չորրորդդ`
ԹԱԹՈՒԼ

 

Նախորդը

Տիգրան Գալայճեան (1973-2021) Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

Քրիստոսի Հաւատարիմ Ծառան Եւ Բազմավաստակ Հոգեւորականը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?