Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի – Փետրուար Ա./2021. Շփոթութեան Մի՛ Մատնէք Ժողովուրդը

Փետրուար 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բազում են մեր ժողովուրդին համերաշխութիւնն ու խաղաղութիւնը խոցող ազդակները, անոնցմէ ամենադաժանը, սակայն, ժողովուրդը շփոթութեան մատնող անպատասխանատու կեցուածքներն ու արտայայտութիւններն են, որոնք իրենց բաժին ինկած աւերը գործելէ ետք աստիճանաբար կը վերանան հայկական մեր կեանքէն` եթէ ոչ անպայման ժողովուրդի պոռթկումին, առնուազն ազգային մեր էութիւնն ու ձգտումները մշուշապատող իրենց անհեթեթութեան հետեւանքով:

Իրաւամբ, անկախութիւն կերտած ժողովուրդ մը տարուէ տարի նուիրուելու է հայրենիքի հզօրացման սրբազան գործին, որուն շնորհիւ աստիճանաբար կ՛ամրանայ երկրին աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ անկախութեան արժանի դարձած, զայն կերտած ժողովուրդը իր ամուր պետութեամբ կը սկսի իր օրէնքները սահմանել ու պարտադրել իր դրացիներուն` բարի յարաբերութիւններ պահելով մէկտեղ անոնց հետ:

Եթէ հայրենակերտման այս գործընթացը քայքայուի մեր վերը յիշած շփոթութեան սրսկումով ժողովուրդին մէջ, բնականաբար ընթացք կ՛առնէ կորուստներու ճամբան:

Հարիւր տարիէ ի վեր մեր ազգը բաժնուած է ճակատներու: Այդ ճակատներուն առողջ մրցակցութիւնը բնական է ու ցանկալի, բայց երբ այդ ճակատները բեւեռներու վերածելու արտաքին ազդեցութիւններ թոյն կը սրսկեն մեր ժողովուրդին մէջ, ճակատները կը վերածուին ճակատումի գացող բեւեռներու, մինչեւ որ քայքայուին ու կորսնցնեն ազգայինին ու պետականին համար մղուած իրենց պայքարին խորքն ու իմաստը:

Սա մեր ներքին հարցը չէ միայն, արտաքին ուժերու մէջ ալ պէտք է որոնել անոր արմատները:

Ազգային գաղափարախօսութիւնը կ՛անուանուի կեղծ քաթեկորիա, նոյնիսկ մեր ազգային տօներն ու խորհրդանիշները կը վերագրուին այս կամ այն կողմին, տակաւին, Արցախը բեռ կը համարուի Հայաստանին համար, ու ժողովուրդը կրկին շփոթութեան մատնելու քաղաքականութիւն մը ընթացք կ՛առնէ` արդարացնելու հայրենիքի պատառ առ պատառ կորուստը:

Ոչ միայն մեր արտաքին թշնամիները, այլեւ մեր նեղմտութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը յաջողած են մեզ պառակտել ու վերածել հակառակորդներու:

Խօսիլ մայիս 28-ի մասին` ձեզ ինքնաբերաբար կը դասէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքին, յիշել Հայոց ցեղասպանութիւնն ու պահանջատիրական մեր պայքարը` ծայրայեղ ազգայնամոլներու շարքին: Համահայկական շահերու ոսպնեակը կորսուած կը թուի ըլլալ:

Փոխադարձ ատելութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ իշխանութեան ներկայացուցիչը թշնամի երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ առցանց հարցազրոյցի մը ընթացքին կը ժպրհի արհամարհել իր ժողովուրդն ու անոր ազգային իղձերը: Աւելի՛ն. ան հաստատելով, որ Հայաստան ժողովրդավար երկիր է, ինք իսկ չի հաւատար իր ըսածին ու իր խօսքը ուղղելով հակառակորդներուն` կ՛ըսէ` այո՛, Հայաստան ժողովրդավար երկիր է, բայց մեզի դէմ խօսողները մենք կը համարենք ռեւանշիստներ: Դուք միայն մեզ մտիկ ըրէք, ճիշդ է` մեզ ընտրողը ժողովուրդն է, սակայն դուք ականջ մի՛ տաք ժողովուրդի ձայնին, ձեզի կ՛ըսենք յստակօրէն` մեր բանբերները Ազգային ժողովը, վարչապետն ու իշխանութեան ներկայացուցիչներն են միայն:

Ինչպիսի՞ ժողովրդավարութիւն է սա, անհասկնալի կը մնայ, իսկ թշնամիին Արցախի մշակութային մեր գանձերու քանդումը, մարդասպանական արարքները դատապարտող ոչ մէկ արտայայտութիւն կը լսենք մեր երկրի իշխանութիւնը ներկայացնող նոյն այդ անձէն: Այստեղ կանգ կ՛առնէ անոր համարձակութիւնը:

Մի՞թէ ազերիներու հայատեաց արտայայտութիւններն ու արարքները զսպելու միակ ձեւը մեր ազգային հպարտութիւնը զիջիլն է: Չե՞նք տեսներ միթէ, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս կը պարտադրէ իր ժողովուրդը` հպարտանալու իր պատկանելիութեամբ, երբ ամէն օր, ամէն աշակերտ իր դպրոցական առօրեան կը սկսի «թուրք եմ, ուրախ եմ» արտայայտութեամբ:

Ազգային իրաւունքներու պաշտպանութի՞ւնն է ռեւանշիզմը:

Ստրկամտութիւնը երբեք ծնունդ չէ տուած յառաջընթացի, ընդհակառակը, սրած է ու պիտի սրէ հակառակորդին ախորժակները` նոր զիջումներու առաջնորդելու պետական մեր այրերը:

Վերջ տալով ժողովուրդը շփոթութեան մատնելու, անոր ազգային հպարտութիւնը, պայքարն ու արդար զայրոյթը նսեմացնելու փորձերուն, ներքին համերաշխութեան մթնոլորտի ստեղծումով ու ամէն մակարդակներու վրայ միասնական անդուլ աշխատանքով միայն կարելի է ամրագրել մեր հայրենիքի սահմաններն ու տիրութիւն ընել անոր: Այլապէս ժողովուրդին յուսահատութիւնը այնքան պիտի խորանայ, որ անկախութիւնը բեռ եւ ոչ թէ նուաճում համարելով` ինք եւս նահանջի ճամբան պիտի բռնէ:

Այդ համերաշխութեան մթնոլորտը կրնան ստեղծել մեր մտաւորականները` իրենց ձայնը լսելի դարձնելով ճակատագրական այս օրերուն:

 

Նախորդը

«Քորոնա»-էն Ետք Թուային Դասաւանդումը Բնականոն Պիտի Ըլլա՞յ

Յաջորդը

«Եթէ»-ն Ընդդէմ «Եթէ»-ի

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?