Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Գիտենք Ձիւնին Մասին

February 6, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

Ձմրան մեր լեռները կը ծածկուին խորհրդաւոր, ճերմակ վերարկուով մը: Սակայն, մենք ի՞նչ գիտենք ձիւնէ այդ վերարկուին մասին:

***

– Ինչո՞ւ կը ձիւնէ

Անձրեւին նման, ձիւնն ալ կը կազմուի ամպերուն մէջ` ջուրի շոգիով: Արեւուն ճառագայթներէ տաքցած ջուրը կը շոգիանայ եւ դէպի երկինք կը բարձրանայ ծովերէն, լիճերէն, գետերէն եւ ուրիշ աղբիւրներէ` ամպերլը կազմելու համար: Այս ձեւով օդին մէջ կախուած այս ջուրը պէտք ունի երկու շատ ճշգրիտ պայմաններու ձիւնի վերածուելու համար. նուազ աստիճանի ջերմաստիճան, 0-էն -16-ի միջեւ, եւ փոքրիկ մասնիկներու ներկայութեան, ինչպէս` փոշի, աւազ, մոխիր եւ այլն: Ցուրտին ազդեցութեան տակ ջուրի շոգին ուղղակիօրէն կը վերածուի սառի մանր բիւրեղներու, առանց անցնելու հեղուկի վիճակէն: Ապա այս բիւրեղները կը կառչին մանր մասնիկներու, կը կուտակուին եւ կամաց-կամաց կը մեծնան մինչեւ կազմեն ձիւնի փաթիլները: Վերջապէս, իրենց ծանրութեան պատճառով, այս փաթիլները ամպերէն կ՛իյնան: Եթէ ամպին եւ գետնին միջեւ ջերմաստիճանը բաւական պաղ է, փաթիլները չեն հալիր եւ կը հասնին մեզի:

– Ինչո՞ւ փաթիլները ունին աստղի ձեւ

Ձիւնի փաթիլները իրենց ձեւը կը պարտին իրենց բաղադրութեան տարրերուն` ջուրի մասնիկները, որոնք ճանչցուած են իրենց H2O քիմիական բաղադրութեամբ: Երբ այս մասնիկները բիւրեղներու կը վերածուին, անոնք իրարու կը միանան կորիզի մը միջոցով` վեցանկիւն մը կազմելով: Ապա ջուրի ուրիշ մասնիկներ պիտի խմբուին վեցանկիւնին իւրաքանչիւր կողմին վրայ` ճիւղեր կազմելով: Այս պատճառով է, որ փաթիլները աստղերու կը նմանին: Սակայն բոլոր փաթիլները ճիշդ նոյն ձեւը չունին: Անոնց ձեւը կախեալ է ջերմաստիճանէն: Երբ օդը 0-էն – 4-ի միջեւ է, փաթիլները կը նմանին տափակ պնակներու, իսկ – 4-էն – 6-ի միջեւ ջերմաստիճանի պարագային անոնք կը ստանան ասեղի ձեւ:

– Ինչո՞ւ ձիւնը ճերմակ է

Այս հարցումին պատասխանը լոյսն է: Փաթիլները կազմող սառած ջուրի մանր բիւրեղները թափանցիկ են: Անոնք իրենց վրայ ինկող լոյսը ետ կը ղրկեն, զայն ծծելու փոխարէն, ինչպէս կը պատահի

ընդհանրապէս մեզի շրջապատող տարրերուն պարագային: Իսկ լոյսին մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ գոյներ: Երբ լոյսը կը ցոլացուի, այսինքն «ետ կը ղրկուի», այս գոյները իրարու կը խառնուին եւ ճերմակ կու տան:

– Կարելի է՞ ձիւնը ուտել

Հաւանաբար դուն` բերանդ մեծ բացած, ուզած ես փաթիլները համտեսել: Սակայն ձիւն ուտելը շատ լաւ գաղափար մը չէ: Նախ եւ առաջ զայն կազմող ջուրը կորսնցուցած է իր հանքային նիւթերը: Իսկ առանց հանքային նիւթերու մեծ քանակով ջուր խմելը կրնայ առողջապահական հարցեր յառաջացնել: Ասոր կողքին, չմոռնանք նաեւ, թէ ամպերէն իյնալու ընթացքին փաթիլները կրնան հաւաքել օդը ապականող նիւթեր, որոնք կրնան վնասակար ըլլալ մեր մարմնին: Անշուշտ երբեմն ձիւնի քանի մը փաթիլ ուտելը վտանգաւոր չէ, սակայն նախընտրելի է խուսափիլ:

Գիտէի՞ր, Թէ

13 յունուարին Ալճերիոյ Սահարա անապատին մէջ ձիւնը ծածկած է աւազաբլուրները: 42 տարիներու ընթացքին ասիկա չորրորդ անգամն է, որ աշխարհի այդ շրջանին մէջ կը ձիւնէ, սակայն այս երեւոյթը սկսած է

յաճախակի դառնալ, եւ երրորդ անգամն է, որ կը պատահի 2017-էն ի վեր:

Ըստ գիտնականներու, այդ շրջանին մէջ օդին պաղիլը կրնայ աշխարհի կլիմայի ընդհանուր տաքութեան անսպասելի հետեւանքներէն մէկը ըլլալ: Արդեօք Սահարան դահոյկ ընելու կեդրոնի՞ մը պիտի վերածուի:

 Հետաքրքրական

– 1959 թուականին Պրազիլի Սաօ Փաոլոյի բնակիչները դժգոհ էին ընտրութիւններու ներկայացուած անուններու ցանկէն: Հետեւաբար, մօտաւորապէս 100 հազար քաղաքացիներ թեկնածուի մը անունը գրելու փոխարէն դրին ռնգեղջիւրի մը անունը: Քաքարէքօ ռնգեղջիւրը Սաօ Փաոլոյի կենդանաբանական պարտէզին փոխ տրուած ռնգեղջիւր մըն էր. ան կրցաւ 11 տարբեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն դէմ յաղթել, սակայն, հակառակ այս յաղթանակին, անոր հրաման չտրուեցաւ ստանձնել իր նոր պաշտօնը:

– Շուէտի Ատրէրսլով քաղաքի մեծամասնութեամբ դեղին մասերով բնակիչներուն մազերը յանկարծ սկսան կանանչ գոյն ստանալ, երբ անոնք փոխադրուեցան իրենց նոր տուները: Փնտռտուքներէ ետք յանցաւորը գտնուեցաւ` չպահպանուած պղինձէ ջուրի խողովակները: Տաք ջուրը, պղինձի մասնիկներ հետը տանելով, ներկած է շուէտացիներուն մազերը, երբ անոնք լուացած են զանոնք:

– 2014 յունուարին Ճափոնի Թոքիօ քաղաքին մէջ բացուեցաւ միայն Քիթ-քաթ քաղցրեղէնի յատկացուած առաջին խանութը: Ճափոնցիները շատ կը սիրեն այս քաղցրեղէնը, որուն կարգ մը տեսակները կարելի է գտնել միայն Ճափոնի մէջ, ինչպէս` կարմիր գետնախնձորով, կասիայով, ուասապիով, կանաչ թէյով եւ նոյնիսկ եւրոպական պանիրի համ ունեցող Քիթ-քաթներ:

– Պելճիքայի Պրուժ քաղաքին մէջ հայր ու որդի Էտի եւ Սէտրիք Վան Պէլ 2013-ին բացին տապկուած գետնախնձորին նուիրուած աշխարհի առաջին թանգարանը: Այս թանգարանը կը գտնուի քաղաքին ամէնէն հին շէնքին մէջ եւ կը պարունակէ տապկուած գետնախնձորի հետ կապ ունեցող մօտաւորապէս 400 առարկաներ եւ արուեստի գործեր, ինչպէս նաեւ այս ուտելիքին պատմութեան մասին տեղեկութիւններ: Անշուշտ, թանգարանը այցելողները առիթը ունին համտեսելու տապկուած գետնախնձորներու տեսակներ…

Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 75 յատնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել ձեռնոցներուն եւ գլխարկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած 12 հատ պարզ ծաղիկները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը տախտակին մէջ:
Նախորդը

Հ. Յ. Դաշնակցութեան և Ռ. Ա. Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Ղեկավարութիւնները Միացեալ Յայտարարութեամբ Մը Կը Պահանջեն Փաշինեանի Հրաժարականը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Ամէն Բան Կը Չարաշահէ Քարոզչութեան Համար` Ներառեալ Արուեստը

RelatedPosts

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.