Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահը Մեր Դուռը Կը Զարնէ

February 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այո՛, այս զգացումով ապրեցանք եւ կ՛ապրինք մեր օրերը:

Չէին բաւեր` օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, տնտեսական տագնապը, քաղաքական ծանր վիճակը, Հայաստանի եւ Արցախի խոր վէրքը, անցնող շաբաթներուն բոլորիս դռները թակեց մահը, որ առաւ-տարաւ շատեր:

«Քորոնա» եղանք կամ ոչ, մահը շրջեցաւ մեր չորս կողմը: Մեզի սիրելի անձեր առյաւէտ հեռացան, ամէն օր տեսակ մը ցաւ եւ յուզմունք ունեցանք: Կորուստները շատ էին ու ցաւալի: Ամէն տեղ` սուգ, թախիծ, մտահոգութիւն եւ արցունք:

Իւրաքանչիւր տան ճրագ ձեւով մը մարեցաւ: Իւրաքանչիւր տան անդամի կորուստ ընտանիքին համար շատ ծանր ազդեց:

Աւելի՛ն. գաղութ մը ամբողջ ունեցաւ կորուստներու շարք մը, որուն պատճառած մեծ ցաւը դժուար է բառերով սփոփել, խօսքերով մխիթարուիլ, վնասուց հատուցում փնտռել, առյաւէտ գացողին տեղ փոխարինող գտնել:

Գառնիկ Մկրտիչեանը, Յովսէփ Մարգարեանը, Բիւզանդ Պետոյեանը, Յովհաննէս Եագուպեանը, Հրայր Սողոմոնեանը, Միսաք Ներսէսեանը, Ֆիմի Աղասարգիսեանը, Լիւսի Թիւթիւնճեանը, Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, Տիգրան Գալայճեանը, Կարօ Սվագճեանը, Գէորգ Թֆրանեանը, Վազգէն Ժամկոչեանը, Տիգրան Գալուստեանը, Մոսին Չավտարեանը, Յակոբ Չիլինկիրեանը, Տրդատ Աւետիքեանը … Այո՛, ասոնցմէ իւրաքանչիւրը տան ճրագ էր, իւրաքանչիւրը իր ձեւով մեր կեանքին մէջ բան մը կ՛աւելցնէր, իւրաքանչիւրը տակաւին տալիք ունէր իր ընտանիքին, շրջապատին, ազգին, եկեղեցւոյ եւ ընկերներուն…

Մահը մեր դուռը կը զարնէ, եւ իւրաքանչիւրս պէտք է պահ մը գիտակցի, որ չ՛արժեր այս կեանքին մէջ տեղ տալ սրտնեղութեան, անհանդուրժողականութեան, բամբասանքներու եւ վիրաւորանքներու:

Մեր ժամանակը աւելի լաւ բաներով անցընելու կարեւորութիւնը զգանք: Մնայուն ճիգ ընենք` մեր սէրն ու ակնածանքը իրարու փոխանցելու, իրարու կողքին ըլլալու եւ իրարու հասնելու, բարիք ու առողջութիւն մաղթելու: Իւրաքանչիւր տան ճրագը վառած պահելու համար հանդուրժողականութիւնն ու սէրը պէտք է մեծնան մեր հոգիներուն մէջ:

Մահը մեր դուռը կը զարնէ, պէտք է մեր դռները ամուր եւ գոց պահենք: Իւրաքանչիւր տուն բերդի վերածենք եւ իւրաքանչիւր ճրագ անմար պահենք:

 

 

Նախորդը

Սլաքներ. «Նորեր»-ը` «Հիներ»-ուն Հետքերով…

Յաջորդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.