Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան 1001 Պատում. Լեռնացած Ցասումին Դէմ Ազգադաւ Ժպիտներ (Ե.)

February 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հայոց անկրկնելի հանճար Հրաչեայ Աճառեանն անգամ թերեւս պիտի դժուարանար գտնել այն բառը, որով պիտի կարենար բնորոշել հայանուն մարդու(ոց) այն սրբապիղծ արարքը, որուն ցարդ կառչած կը մնան վատոգի անհատներ:

Փաստօրէն, երբ ազգ մը ամբողջ աղէտի ու ժողովրդական ցասումի դիմաց կը տուայտի, անդին, այլասերած պետական այրերու դէմքին անպակաս են ժպիտները:

Թաւշեայ ու գունաւոր ժպիտներ, արեամբ ու մարդակերութեամբ թաթախուած ժպիտներ, թուրքին առջեւ եռապատիկ ստրկացած ժպիտներ, բարբարոսութեամբ համեմուած ժպիտներ, անբարոյացած հոգիներու ժպիտներ, օտարին ու թշնամիին սեփական ազգի ճակատագիր ծախած ժպիտներ…

Այո՛, ամօթալի, անընդունելի, պախարակելի ու դատապարտելի են այն բոլոր վերաբերումները, չըսելու համար սրիկայութիւնները, որոնք ցոյց կու տան, այսպէս ըսած, պետական կարգ մը այրերու ներքին պահուածքը, կազմաւորումը:

Առանց վարանումի յայտնենք, որ նիկոլական թշուառներու ուղղուած են այս խօսքերը, որովհետեւ իրենց ազգադաւ գործին ու դէմքին ետին ի յայտ կու գան նաեւ արգահատելի այնպիսի երեւոյթներ, որոնց թուարկումն անգամ ցաւ կը պատճառէ բոլորիս: Համատարած ողբի եւ սուգի դէմ յանդիման, տակաւին մարդիկ կը ժպրհին ծիծաղիլ, ժպտիլ, ուրանալ ու արդարանալ, կարծես բան չէ պատահած Արարատի ու Մռաւի փէշերուն:

Անոնք նիկոլական թշուառամիտ, հայոց գորշ գայլերն են, որոնք ստապատիր խօսքեր ու սադայէլական ժպիտներ բաշխելով` կը փորձեն յուսադրել որդեկորոյս մայրերն անգամ, աւելի՛ն. կը փորձեն լռութեան մատնել հայրերու, կողակիցներու ու որբերու հառաչանքը, կոտտացող ցաւը, ներքին տառապանքը, պոռթկումը:

Մարդ կը հիասթափի, աւելի՛ն. ահաւոր հոգեվիճակներու անձնատուր կ՛ըլլայ ի  տես այն երեւոյթներուն, որոնց ականատես կը դառնանք ազգովի, ցաւ ի սիրտ: Ճիշդ է, որ հայութեան դէմ գործուած աղէտին (անձնատուութեան) ահաւորութիւնը դեռ երկար տարիներ պիտի խռովէ ազգը համակ, այդուհանդերձ, հայութիւնը պէտք է զգաստանայ եւ ցոյց տայ քաջութիւնը իր ծոցէն վանելու նման վիժուածքները եւ տականքներ, որպէսզի կարենայ այսուհետեւ պայծառ մտքով առաջնորդուիլ ու պատրաստուիլ յաջորդ պատերազմին, այո՛, գոյապայքարին:

Արցախեան երկրորդ պատերազմի 45 օրերը ապացուցեցին, դժբախտաբար, անապացուցելին: Մէկ կողմէ, դաւաճանութեամբ յագեցած հայանուններու այսքան մեծ թիւի գոյութիւնը, եւ, միւս կողմէ` ազգային անկազմակերպ վիճակը, թուլութիւնը:

Արդ, ինչպէ՛ս բացատրել պետական մակարդակի ահաւոր բացթողումները,  քաղաքական մտքի ու կամքի տհասութիւնը, հայոց պաշտպանական բանակի անարդարանալի թերացումներն ու ապիկարութիւնը, դիւանագիտութեան թշուառ ու խղճալի վիճակը, պետական այրերու անհեռատեսութիւնն ու թշնամի ուժերու դիմաց ողբերգական անձնատուութիւնը, մէկ խօսքով` ազգային խայտառակութիւնը:

Չէ՞, որ հայութիւնը յաղթարշաւի զանգը հնչեցուցած էր եւ 21-րդ դարը ի՛րը կը սեպէր: Ինչո՛ւ այսքան շուտ մսխուեցան այն բոլոր նուիրական աշխատանքները, մարդկային ու նիւթական անգնահատելի զոհողութիւնները, որոնք կը միտէին պահել ու պահպանել հայրենիքն ու հայու տեսակը, Հայաստան աշխարհը:

 

 

 

Նախորդը

Սլաք. «Հին»-ին եւ «Նոր»-ին Տրամաբանութիւնը…

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Իրան-Հայաստան Գործակցութեան Ամրապնդման Շեշտադրում

RelatedPosts

«Ազդակ» Կը Շարունակէ Իր Անխափան Երթը` Նորութիւններուն Հետ Քայլ Պահելու Մնայուն Ճիգով
Անդրադարձ

«Ազդակ» Կը Շարունակէ Իր Անխափան Երթը` Նորութիւններուն Հետ Քայլ Պահելու Մնայուն Ճիգով

January 3, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Տարի, Նոր Յոյսեր

December 31, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Հայոց Աշխարհէն Հրաւէր` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

December 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.