«Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով 2020-ի նոյեմբերին ընդունած յայտարարութիւնը հետեւողականօրէն կը կատարուի», «Տաւոսեան շաբաթ»-ի շրջագիծին մէջ երէկ ունեցած հեռավար ելոյթին ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
«Այժմ միջազգային հանրութեան առջեւ (տագնապէն) տուժած շրջաններուն աջակցութեան խնդիր դրուած է: Կարելի է լուծել գաղթականներու վերադարձի, քանդուած ենթակառոյցներու վերականգնման, պատմական, կրօնական ու մշակութային յուշարձաններու պաշտպանութեան հարցերը», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը: