Քաթալոնական Պարսելոնան ներկայացուց 2020 տարուան իր տնտեսական հաշուետուութիւնը, որմէ պարզ դարձաւ, որ ակումբը ծանր ժամանակաշրջան մը կ’անցընէ:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնայի ընդհանուր պարտքը կը կազմէ 1,173 միլիառ եւրօ: Այդ գումարին 730 միլիոնը պարտաւորութիւններ են, որոնք քաթալոնացիները պէտք է կատարեն կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, իսկ 488,4 միլիոնը նախորդ տարուան վնասներն են:
Պարսելոնա պէտք է վճարէ նաեւ 265 միլիոն եւրօ` իր պարտատէրերուն, իսկ 164 միլիոն եւրօ` ակումբին աշխատակիցներուն:
«Մարքա» յայտնեց ըսելով, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով, ակումբը ուզեց իր պարտքերը յետաձգել մինչեւ 30 յունիս 2021: Կարգ մը կազմակերպութիւններ տուած են իրենց հաւանութիւնը: