Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ամբողջութեամբ անհիմն են շրջան ընող այն տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը Թոքիոյէն (Ճափոն) տեղափոխել Ֆլորիտա (Միացեալ Նահանգներ):
Ըստ ամերիկեան «Էյ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, Ֆլորիտայի նահանգը նամակով մը դիմած է այս խաղերը կայացնելու իր նահանգին մէջ:
«Ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Ճափոնի մէջ եւ պիտի պահեն իրենց անուանումը` «Թոքիօ-2020», պիտի սկսին 23 յուլիսին եւ պիտի աւարտին 8 օգոստոսին», յայտնեց կազմակերպութեան կայքը: