Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ արձանագրուած ձախող արդիւնքներուն եւ ոչ տպաւորիչ ելոյթներուն պատճառով, ակումբին ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել իր գլխաւոր մարզիչը` Ֆրանք Լամփարը:
Ակումբին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ թէեւ տրուած որոշումը եղաւ քիչ մը դժուար, սակայն երկարատեւ քննարկումներէ ետք որոշուեցաւ ամէն գնով որդեգրել որոշումը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել տարեշրջանին մնացեալ մասը:
42 տարեկան անգլիացի Լամփար ակումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 2019-ի ամրան: Անոր հետ Չելսի 84 մրցումի ընթացքին արձանագրեց 44 յաղթանակ, 17 հաւասարութիւն եւ կրեց 23 պարտութիւն:
Ըստ անգլիական մամուլին, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչ, գերմանացի Թոմաս Թուխել, որ ներկայիս որեւէ խումբի մարզիչ չէ, կրնայ փոխարինել Լամփարը` կնքելով պայմանագրութիւն մը մինչեւ 2022-ի ամառ: