Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Նաչօ Ֆերնանտես վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
31 տարեկան ֆութպոլիստին առողջական պարագան այդքան ալ ծանր չի թուիր ըլլալ, որովհետեւ ան ինքզինք այդքան ալ գէշ վիճակի մէջ չի զգար:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան արքայական ակումբին հետ կատարեց 10 մրցում` կատարելով էսիսթ մը:
Ռէալի հետ անոր գործող պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 2022-ի ամրան: