Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս այնպէս կը թուի, որ որոշած է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը չշարունակել իր ակումբին հետ եւ միանալ այլ կազմի մը:
Ըստ սպանական մամուլին, ան կը մտածէ իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգել արքայական ակումբին հետ` նկատի ունենալով, որ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն ստացած է 15 միլիոն եւրօ աշխատավարձով պայմանագիրի առաջարկ մը:
Սպանացի 34 տարեկան Ռամոս, որ մինչեւ 2021 յուլիս պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանին հետ, չի փափաքիր մնալ իր կազմին հետ, թէեւ ֆութպոլիստին եւ անոր ակումբին ղեկավարութեան միջեւ բանակցութիւնները ցարդ չեն աւարտած: