Վերջին երեք տարիներուն Միջին Արեւելքի «Ֆրոնթ Տըրայվ»-ի ռելիի ախոյեան հանդիսացած լիբանանցի Հանրի Քահի ունեցաւ նոր հովանաւոր ընկերութիւն մը:
Նշուեցաւ, որ քաթարեան «Տոհա Ավենիու Թրէյտինկ» ընկերութիւնը, որ «Պատըսթըր»-ի («Էներժի Տրինք») գլխաւոր եւ միակ ներկայացուցիչն է Քաթարի մէջ, որոշեց ըլլալ լիբանանցի փորձառու վարորդին հովանաւորը:
Անիկա նշեց, որ 2021 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք 6 հանգրուան ընդգրկող ախոյեանութեան ընթացքին (Քաթար, Օման, Յորդանան, Լիբանան, Կիպրոս եւ Քուէյթ), պիտի զօրակցի Քահիին եւ անոր խումբին: