Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականին մարզիկները իրենց հանգիստի օրերուն այցելեցին Գառնի եւ Գեղարդ:
Մարզիկներէն ոմանք ֆետերասիոնին պատկերասփիւռին հետ իրենց ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին իրենց կարծիքները յայտնեցին իրենց կատարած հաւաքին գծով:
Նշենք, որ Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած կազմը այս օրերուն Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կը նախապատրաստուի «ԵՒՐՕ-2022»-ի ֆութսալի զտումի մրցաշարքին:
Հայրենի կազմը 29 յունուարին հիւրը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ, մինչ 3 փետրուարին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսան: